մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Գիտութիւն

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի տարիներուն գործածելու համար։ Ամէն մէկը՝ 10էն 14 դասաերէ բաղկացած այս չորս գիրքերը կ՚անդրադառնան գիտական նիւթերու լայն ծիրի մը, կենսաբանութենէն աստղագիտութիւն, բնագիտութենէն երկրաբանութիւն, մարդու մարմին եւ շատ աւելին։ Իւրաքանչիւր դասի նպատակն է գիտական նիւթը ներկայացնել պատկերազարդ եւ մատչելի լեզուով մը, եւ միւս կողմէն նպաստել աշակերտներուն տրամաբանութեան զարգացման։ […]

Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը

Հայերէն լեզուով առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ իտալացի յայտնի փիլիսոփայ Ջորջօ Ագամբէնի այս հանրածանօթ գործը (1995ի հրատարակուած), Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ Հատորը բազմաթիւ ծանօթագրութիւններ կը պարունակէ, որոնք ընթերցողին յաւելեալ բացատրութիւններ կը մատուցեն։ Հատորին վերջաւորութեան դրուած է «Յայտնութենական մտածողութիւն մը» վերնագիրով վերջաբան մը թարգմանիչին կողմէ, որուն երկայնքին ուսումնասիրուած է Ագամբէնի մտածողութեան կապակցութիւնը Միշէլ Ֆուկոյի, […]

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Մորիս Բլանշոյ (1907-2003) ֆրանսացի մտաւորական, վիպագիր եւ քննադատ մըն էր, այդ մարզին մէջ ամենէն յարգուածներէն մէկը։ Սոյն հատորը մէկ կողքին տակ կը հրամցնէ երկու գրուածք։ Նախ՝ Մորիս Բլանշոյի 1947ին հանդէսով եւ 1949ին՝ գիրքով լոյս տեսած La littérature et le droit à la mort վիճաբանական փորձագրութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ 1947ին լոյս տեսած էր Ժան-Փօլ Սարտրի «Ի՞նչ է […]

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Շրջուն վաճառականէն պաղպաղակ գնող տղուն գնդակը շէնքէ մը ներս կ՚իյնայ։ Երբ կը փորձէ առնել գնդակը, կը տեսնէ, որ հոն ուր ինկած է՝ սեւ ակնոցներով մարդիկ խսիրէ աթոռներ կը շինեն։ Տարիներ կ՚անցնին… Գնդակը նոյն տեղն է տակաւին եւ նոյն Շրջուն վաճառականը կու գայ նոյն երգով։ Ի՞նչ բան փոխուած է այս փողոցներուն մէջ այսքան տարուան ընթացքին։ Ժամանակը, […]

Գաբրիէլ Գազանճեան

«Գիւտ մը, նիւթ մը» տեսերիզներու շարքին իւրաքանչիւր տեսերիզը կը ներկայացնէ գիտական նիւթ մը՝ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած։ Ճամբայ ելլելով հայ գիւտարարի մը հնարքէն, կ՚ընդլայնէ նիւթը եւ կը ներկայացնէ հետաքրքրական գործիք մը կամ աշխատանք մը։ Պատմուած մեծ մասամբ երեխաներուն կողմէ, տեսերիզները արեւմտահայերէն են եւ արդիական միջոցներով պատկերուած, գրաւիչ դառնալու համար ժամանակակից երեխային եւ պատանիին։ Հեղինակ եւ […]

Գիւտ մը նիւթ մը