զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Յակոբ Չոլաքեան
    Հրատարակիչ՝ Ասողիկ
    Հրատարակութեան թուական՝ 2019
    Էջերու քանակ՝ 152

    Արեւմտահայերէնի քերականութիւն - Բ.
    Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
    *Բնաձայնական բայերը գլխաւորաբար երկու խումբի մէջ կը մտնեն. ել՝ կարկաչել, հառաչել, խոխոջել… եւ ալ՝ մռլտալ, մռմռալ, պռպռալ…: Կարգ մը բայեր հանդէս կու

    Բնաձայնական բայերը գլխաւորաբար երկու խումբի մէջ կը մտնեն. ել՝ կարկաչել, հառաչել, խոխոջել… եւ ալ՝ մռլտալ, մռմռալ, պռպռալ…: Կարգ մը բայեր հանդէս կու գան երկու ձեւով. ասիկա հինէն եկող երեւոյթ մըն է անկասկած. Հայկազեան բառարան կու տայ տրտնջամ տրտնջեմ, մռնչամ- մռնչեմ, բայց՝ շշնջեմ, քրթմնջեմ, մրմնջեմ, վրնջեմ, խրխնջեմ: Արեւելահայ բառարանները այս բոլորը կու տան ալ լծորդութեամբ, երկրորդաբար կամ իբրեւ հին ձեւեր՝ նաեւ ել լծորդութեամբ. արեւմտահայ գործնական բառարաններն ալ հարցը չեն լուծեր. տեղ մը շշնչել, տրտնջել, այլ տեղ՝ շշնջալ, տրտնջալ, թէեւ գերազանցապէս կը տրուի ել-ով տարբերակը (Գաբամաճեան, Գայայեան): Անկախ բառարաններէն՝ խօսակցականին մէջ թեքում կայ դէպի ալ-ը: Կրկնաւոր բնաձայնները միշտ եղած են ալ լծորդութեան բայեր՝ մռմռալ, տռտռալ, խշխշալ, գոռգոռալ, պոռպռալ, սլվլալ, ճռճռալ եւ այլն:

    Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը շարունակութիւնն է հեղինակի Արեւմտահայերէնի քերականութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ) Ա. գիրքին ու կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի բայ, մակբայ, կապ, շաղկապ, վերաբերական եւ ձայնարկութիւն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները, լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած է լեզուաբաններուն եւ հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետաքրքրուողներուն համար: