զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Պատառիկներ -
    Սեպտեմբեր

    Մաս կը կազմէ Պատառիկներ շարքին։

    • Անուն
    • Խօսքեր
    • Ձայներիզ
    • Ժամացոյցը
    • Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք... Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ` թիք թաք, թիք թիք թաք, դպրոց երթալու ժամն է, թիք թաք, թիք թիք թաք... Քիչ մը գրել եւ կարդալ, քիչ մը գծել եւ խաղալ, երգել, պարել ու խնդալ, ուտել, խմել ու մեծնալ... Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք... Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ` թիք թաք, թիք թիք թաք, տուն երթալու ժամն է, թիք թաք, թիք թիք թաք... Ցտեսութիւն բոլորին, վաղը կ’ըլլանք միասին... Երթաս բարով՝ գացողին, մնաս բարով՝ մնացողին… Թիք թաք, թիք թիք թաք...

    Ժամացոյցը

    Մէկ սլաք՝ թիք թաք,
    երկու սլաք՝ թիք թիք թաք...

    Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ`
    թիք թաք,
    թիք թիք թաք,
    դպրոց երթալու ժամն է,
    թիք թաք,
    թիք թիք թաք...

    Քիչ մը գրել եւ կարդալ,
    քիչ մը գծել եւ խաղալ,
    երգել, պարել ու խնդալ,
    ուտել, խմել ու մեծնալ...

    Մէկ սլաք՝ թիք թաք,
    երկու սլաք՝ թիք թիք թաք...

    Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ`
    թիք թաք,
    թիք թիք թաք,
    տուն երթալու ժամն է,
    թիք թաք,
    թիք թիք թաք...

    Ցտեսութիւն բոլորին,
    վաղը կ’ըլլանք միասին...
    Երթաս բարով՝ գացողին,
    մնաս բարով՝ մնացողին…

    Թիք թաք,
    թիք թիք թաք...

    • Դասարանը
    • Պատ եւ պատ՝ քանի՞ պատ, պատ եւ պատ՝ չո՛րս պատ. դուռ պատուհան, աթոռ սեղան, ուսուցիչը կը մտնէ դասարան… Չորս պատերը կը ծլի՜ն, կը ծաղկի՜ն, պարտէզնե՜ր, անտառնե՜ր, հսկայ ծառեր՝ թռչուննե՜ր, լեռներ ձորեր՝ կենդանինե՜ր, գետեր ծովեր՝ ալիքնե՜ր, կայծակնե՜ր, որոտումնե՜ր… Կը սարսափիմ, կը շուարիմ… Դուռը բանամ ու փախչի՞մ, թէ խելօ՜ք խելօք տե՛ղս նստիմ… Խելօ՜ք խելօք տե՛ղս նստիմ…

    Դասարանը

    Պատ եւ պատ՝
    քանի՞ պատ,
    պատ եւ պատ՝
    չո՛րս պատ.
    դուռ պատուհան,
    աթոռ սեղան,
    ուսուցիչը կը մտնէ
    դասարան…

    Չորս պատերը
    կը ծլի՜ն, կը ծաղկի՜ն,
    պարտէզնե՜ր, անտառնե՜ր,
    հսկայ ծառեր՝ թռչուննե՜ր,
    լեռներ ձորեր՝ կենդանինե՜ր,
    գետեր ծովեր՝ ալիքնե՜ր,
    կայծակնե՜ր, որոտումնե՜ր…

    Կը սարսափիմ,
    կը շուարիմ…
    Դուռը բանամ
    ու փախչի՞մ,
    թէ խելօ՜ք խելօք
    տե՛ղս նստիմ…

    Խելօ՜ք խելօք
    տե՛ղս նստիմ…

    • Ընտանիքը
    • Հայրիկ, մայրիկ, եղբայր, քոյրիկ՝ ընտանիք… Հայրիկին եղբայրը՝ հօրեղբայր. հայրիկին քոյրիկը՝ հօրաքոյր… Մայրիկին եղբայրը՝ մօրեղբայր. մայրիկին քոյրիկը՝ մօրաքոյր… Մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, քանի՞ թոռնիկ… Մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, եօթը թոռնիկ… Վա՛յ… Մոռցանք ընտանիքին շունը կատուն, կատուն մուկը, մուկը ձուկը, կարմիր որդը, կանանչ գորտը, թրթուրիկը թիթեռնիկը, խխունջիկը խլուրդիկը, հսկայ փիղը, սարդիկը, նապաստակը, ճուտիկը, հաւուկը աքլորը, աղուէսը, գորշ գայլը, սեւ ագռաւը, սիրամարգը, արծիւը ծիծեռնակը, ծառերը ծաղիկները, մեղուները մրջիւնները, լեռները ձորերը, այծերը ոչխարները, կովերը ցուլերը, ծովերը ալիքները, աստղերը լուսինը, արեւը անձրեւը, եօթը գոյնով ծիածանը, կամարը կլորը, մոլորակը՝ մեր տունը, տանիքը, տանիքին տակ՝ ընտանիքը…

    Ընտանիքը

    Հայրիկ, մայրիկ,
    եղբայր, քոյրիկ՝
    ընտանիք…

    Հայրիկին եղբայրը՝
    հօրեղբայր.
    հայրիկին քոյրիկը՝
    հօրաքոյր…

    Մայրիկին եղբայրը՝
    մօրեղբայր.
    մայրիկին քոյրիկը՝
    մօրաքոյր…

    Մեծ հայրիկ,
    մեծ մայրիկ,
    քանի՞ թոռնիկ…
    Մեծ հայրիկ,
    մեծ մայրիկ,
    եօթը թոռնիկ…

    Վա՛յ…
    Մոռցանք ընտանիքին
    շունը կատուն,
    կատուն մուկը,
    մուկը ձուկը,
    կարմիր որդը,
    կանանչ գորտը,
    թրթուրիկը թիթեռնիկը,
    խխունջիկը խլուրդիկը,
    հսկայ փիղը, սարդիկը,
    նապաստակը, ճուտիկը,
    հաւուկը աքլորը,
    աղուէսը, գորշ գայլը,
    սեւ ագռաւը, սիրամարգը,
    արծիւը ծիծեռնակը,
    ծառերը ծաղիկները,
    մեղուները մրջիւնները,
    լեռները ձորերը,
    այծերը ոչխարները,
    կովերը ցուլերը,
    ծովերը ալիքները,
    աստղերը լուսինը,
    արեւը անձրեւը,
    եօթը գոյնով ծիածանը,
    կամարը կլորը,
    մոլորակը՝ մեր տունը,
    տանիքը,
    տանիքին տակ՝
    ընտանիքը…

    • Մոլորակները
    • Արեւ լուսին՝ աստղ… Արեւ լուսին՝ ամպ… Արեւ լուսին՝ արբանեակ… Արեւ լուսին՝ մոլորակ… Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Լուսնթագ եւ Երեւակ, Ուրանոս, Պոսիդոն, Պետրոսը գնաց Պոսթոն, Լեւոնը գնաց Լոնտոն, Փանոսը դարձաւ փարաւոն, Մելքոնը կերաւ մագարոն… Փայլածուն, Արուսեակը՝ շատ տաք, շատ տաք… Երկիրը՝ կապոյտ մոլորակ… Հրատը՝ կարմիր մոլորակ… Լուսնթագը՝ մեծ գնդակ… Երեւակը՝ ունի օղակ… Ուրանոս, Պոսիդոն, ութ մոլորակ հոս եւ հոն, ձեռք կայ մէկ՝ Պղուտոն, Պետրոսը գնաց Պոսթոն, Լեւոնը գնաց Լոնտոն, Փանոսը դարձաւ փարաւոն, իսկ Մելքոնը՝ Նափոլէոն…

    Մոլորակները

    Արեւ լուսին՝ աստղ…
    Արեւ լուսին՝ ամպ…
    Արեւ լուսին՝ արբանեակ…
    Արեւ լուսին՝ մոլորակ…

    Փայլածու, Արուսեակ,
    Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ,
    Լուսնթագ եւ Երեւակ,
    Ուրանոս, Պոսիդոն,
    Պետրոսը գնաց Պոսթոն,
    Լեւոնը գնաց Լոնտոն,
    Փանոսը դարձաւ փարաւոն,
    Մելքոնը կերաւ մագարոն…

    Փայլածուն, Արուսեակը՝
    շատ տաք, շատ տաք…
    Երկիրը՝ կապոյտ մոլորակ…
    Հրատը՝ կարմիր մոլորակ…
    Լուսնթագը՝ մեծ գնդակ…
    Երեւակը՝ ունի օղակ…
    Ուրանոս, Պոսիդոն,
    ութ մոլորակ հոս եւ հոն,
    ձեռք կայ մէկ՝ Պղուտոն,
    Պետրոսը գնաց Պոսթոն,
    Լեւոնը գնաց Լոնտոն,
    Փանոսը դարձաւ փարաւոն,
    իսկ Մելքոնը՝ Նափոլէոն…

    • Երկարակլորախմորածակ
    • Այն ի՞նչ է, ի՞նչ… Երկար է… Երկար է եւ կլոր է… Երկար է, կլոր է… Կլոր է եւ խմոր է… Երկար է, կլոր է, խմոր է… Խմոր է եւ շատ համով է… Երկար է, կլոր է, խմոր է, շատ համով է… Երկարակլորախմորածակ… Երկարակլորախմորածակ… Վո՛ւյ… Քի՛թդ սրբէ..

    Երկարակլորախմորածակ

    Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
    Երկար է…

    Երկար է եւ կլոր է…
    Երկար է, կլոր է…

    Կլոր է եւ խմոր է…
    Երկար է, կլոր է, խմոր է…

    Խմոր է եւ շատ համով է…
    Երկար է, կլոր է, խմոր է, շատ համով է…

    Երկարակլորախմորածակ…
    Երկարակլորախմորածակ…

    Վո՛ւյ…
    Քի՛թդ սրբէ..

    • Ճաշը
    • Աթոռ սեղան՝ ճաշասեղան, իսկ վրա՞ն… Դգալը եւ դանակը, դանակը եւ պնակը, պնակը եւ պատառաքաղը, այսօր ի՞նչ է մեր ճաշը… Երկար է, կլոր է, խմոր է… Երկարակլորախմորածակ, երկարակլորախմորածակ… Երկարակլորախմորածափ, երկարակլորախմորածափ… Դգալը եւ դանակը, դանակը եւ պնակը, պնակը եւ պատառաքաղը, վաղը ի՞նչ է մեր ճաշը… Հելէ հելէ, հելէ հելէ, վաղը թող ըլլայ… Հելէ հելէ, հելէ հելէ, վաղը թող ըլլայ… Այսօր, վաղը, միւս օրը… Այսօր, վաղը, միւս օրը…

    Ճաշը

    Աթոռ սեղան՝
    ճաշասեղան,
    իսկ վրա՞ն…

    Դգալը եւ դանակը,
    դանակը եւ պնակը,
    պնակը եւ պատառաքաղը,
    այսօր ի՞նչ է մեր ճաշը…

    Երկար է,
    կլոր է,
    խմոր է…

    Երկարակլորախմորածակ,
    երկարակլորախմորածակ…
    Երկարակլորախմորածափ,
    երկարակլորախմորածափ…

    Դգալը եւ դանակը,
    դանակը եւ պնակը,
    պնակը եւ պատառաքաղը,
    վաղը ի՞նչ է մեր ճաշը…

    Հելէ հելէ, հելէ հելէ,
    վաղը թող ըլլայ…
    Հելէ հելէ, հելէ հելէ,
    վաղը թող ըլլայ…

    Այսօր, վաղը, միւս օրը…
    Այսօր, վաղը, միւս օրը…

    • Կարկանդակը
    • Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք... Մէկ, երկու,երեք, չորս... Չորս մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք... Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր... Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք... Մէկ, երկու,երեք, չորս, հինգ... Հինգ մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք... Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր...

    Կարկանդակը

    Կարկանդակ մը թխեցինք,
    վրան մոմեր շարեցինք...

    Մէկ, երկու,երեք, չորս...

    Չորս մոմերը վառեցինք,
    ուրախ զուարթ երգեցինք...

    Շնորհաւոր, շնորհաւոր,
    տարեդարձդ շնորհաւոր...

    Կարկանդակ մը թխեցինք,
    վրան մոմեր շարեցինք...

    Մէկ, երկու,երեք, չորս, հինգ...

    Հինգ մոմերը վառեցինք,
    ուրախ զուարթ երգեցինք...

    Շնորհաւոր, շնորհաւոր,
    տարեդարձդ շնորհաւոր...

    • Բժիշկը
    • Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր բժիշկ մը… Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր եւ խոշոր քիթով բժիշկ մը… Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր, խոշոր քիթով եւ գանգուր մազով բժիշկ մը… Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր, խոշոր քիթով, գանգուր մազով եւ չամիչ տուող բժիշկ մը… Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ… Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ…

    Բժիշկը

    Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
    վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
    Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
    ակնոցաւոր բժիշկ մը…

    Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
    վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
    Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
    ակնոցաւոր
    եւ
    խոշոր քիթով բժիշկ մը…

    Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
    վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
    Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
    ակնոցաւոր,
    խոշոր քիթով
    եւ
    գանգուր մազով բժիշկ մը…

    Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
    վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
    Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
    ակնոցաւոր,
    խոշոր քիթով,
    գանգուր մազով
    եւ
    չամիչ տուող բժիշկ մը…

    Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ…
    Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ…

    • Այբուբենը
    • Այբ Բեն Գիմ, կարդալ գրել կը սորվիմ… Դա Եչ Զա, շա՛տ շուտ սորվեցայ… Է Ըթ Թօ, դուն կ’ըսես՝ ո՛չ, ես կ’ըսեմ՝ այո՛… Ժէ Ինի Լիւն, շա՜տ դիւրին… Խէ Ծա Կեն, մտայ տակէն, ելայ վրայէն… Հօ Ձա Ղատ, քառասո՛ւն խրատ… Ճէ Մեն Յի, ականջներուս օ՛ղ ըրի… Նու Շա Ո, ի՞նչ ընեմ յետոյ… Չա Պէ Ջէ, գիրք տետրակ գոցէ… Ռա Սէ Վեւ, որովհետեւ… Տիւն Րէ Ցօ, վերջ ի վերջոյ… Ւիւն Փիւր Քէ, զբօսանքի ժամն է… Օ՜ Ֆէ՛… վրա՛դ է… վազէ՜… բռնէ՛… բարձր քա՛ր է… Բարձր քարէն բարձրաձայն, Այբէն Օ Ֆէ, արտասանէ՛…

    Այբուբենը

    Այբ Բեն Գիմ,
    կարդալ գրել կը սորվիմ…

    Դա Եչ Զա,
    շա՛տ շուտ սորվեցայ…

    Է Ըթ Թօ,
    դուն կ’ըսես՝ ո՛չ,
    ես կ’ըսեմ՝ այո՛…

    Ժէ Ինի Լիւն,
    շա՜տ դիւրին…

    Խէ Ծա Կեն,
    մտայ տակէն,
    ելայ վրայէն…

    Հօ Ձա Ղատ,
    քառասո՛ւն խրատ…

    Ճէ Մեն Յի,
    ականջներուս օ՛ղ ըրի…

    Նու Շա Ո,
    ի՞նչ ընեմ յետոյ…

    Չա Պէ Ջէ,
    գիրք տետրակ գոցէ…

    Ռա Սէ Վեւ,
    որովհետեւ…

    Տիւն Րէ Ցօ,
    վերջ ի վերջոյ…

    Ւիւն Փիւր Քէ,
    զբօսանքի ժամն է…

    Օ՜ Ֆէ՛…
    վրա՛դ է… վազէ՜…
    բռնէ՛… բարձր քա՛ր է…

    Բարձր քարէն
    բարձրաձայն,
    Այբէն Օ Ֆէ,
    արտասանէ՛…

    • Կօշիկը
    • Իմ կօշիկս կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, իր կօշիկը կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Քոչարի՜… Քոչարի՜…

    Կօշիկը

    Իմ կօշիկս կը պարէ,
    երկու առջեւ, մէկ ետեւ,
    երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ…

    Իմ կօշիկս կը պարէ,
    քու կօշիկդ կը պարէ,
    երկու առջեւ, մէկ ետեւ,
    երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ…

    Իմ կօշիկս կը պարէ,
    քու կօշիկդ կը պարէ,
    իր կօշիկը կը պարէ,
    երկու առջեւ, մէկ ետեւ,
    երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ…

    Քոչարի՜…
    Քոչարի՜…

    • Ընկերը
    • Ծառին վրայ խնձորներ, խնձորներ, խնձորներ… Ծառին տակը ընկերներ, ընկերներ, ընկերներ… Խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ, խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ, ընկեր, ընկեր, հետս կեր, ընկեր, ընկեր, նոր ընկեր, ընկեր, ընկեր, հին ընկեր, ընկեր, ընկեր, լաւ ընկեր… Ծառին վրայ խնձորներ, խնձորներ, խնձորներ… Ծառին տակը ընկերներ, ընկերներ, ընկերներ… Խնձորներ, ընկերներ… Ընկերներ, խնձորներ…

    Ընկերը

    Ծառին վրայ խնձորներ,
    խնձորներ, խնձորներ…
    Ծառին տակը ընկերներ,
    ընկերներ, ընկերներ…

    Խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ,
    խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ,
    ընկեր, ընկեր, հետս կեր,
    ընկեր, ընկեր, նոր ընկեր,
    ընկեր, ընկեր, հին ընկեր,
    ընկեր, ընկեր, լաւ ընկեր…

    Ծառին վրայ խնձորներ,
    խնձորներ, խնձորներ…
    Ծառին տակը ընկերներ,
    ընկերներ, ընկերներ…

    Խնձորներ, ընկերներ…
    Ընկերներ, խնձորներ…

    • Աքլորիկը
    • Ոսկի արեւը ծագեր է, ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝ կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր… Բուրդէ վերմակը տաքուկ է, բամպակէ բարձը փափուկ է… Աքլորիկը թող լռէ, աքլորիկը թող լռէ աքլորիկը թող լռէ… Ոսկի արեւը ծագեր է, ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝ կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր… Անկողինէն ելլելը անկարելի է, երազը տակաւին վերջացած չէ… Աքլորիկը թող լռէ, աքլորիկը թող լռէ, աքլորիկը թող լռէ…

    Աքլորիկը

    Ոսկի արեւը ծագեր է,
    ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝
    կուկուլիկու արթնցիր,
    կուկուլիկու արթնցիր,
    կուկուլիկու արթնցիր…

    Բուրդէ վերմակը տաքուկ է,
    բամպակէ բարձը փափուկ է…
    Աքլորիկը թող լռէ,
    աքլորիկը թող լռէ
    աքլորիկը թող լռէ…

    Ոսկի արեւը ծագեր է,
    ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝
    կուկուլիկու արթնցիր,
    կուկուլիկու արթնցիր,
    կուկուլիկու արթնցիր…

    Անկողինէն ելլելը անկարելի է,
    երազը տակաւին վերջացած չէ…
    Աքլորիկը թող լռէ,
    աքլորիկը թող լռէ,
    աքլորիկը թող լռէ…