զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
    Էջերու քանակ՝ 308
    Հրատարակիչ՝ Դարակ
    Հրատարակութեան թուական` 2019

    Ընդառաջում
    Արձակներ
    *«Կը սիրեմ այս թեթեւութիւնը, այս թափանցիկութիւնը տիեզերական, այնքան մօտիկ ջուրերուն, այնքան մօտիկ ճարճատող ու մոխրացող կառոյցներուն, բայց նոյն ատեն

    «Կը սիրեմ այս թեթեւութիւնը, այս թափանցիկութիւնը տիեզերական, այնքան մօտիկ ջուրերուն, այնքան մօտիկ ճարճատող ու մոխրացող կառոյցներուն, բայց նոյն ատեն կարծես թռիչքն ըլլայի գետին վրայով թափառող ճայերուն, անոնց թեւերէն արձակուած թրթռացումը որ աշխարհ մը կը յօրինէ, կը կրէ իր վրայ ու կ՚իյնայ, այս ազատ արմատախլումը որ կ՚արգիլէ մտածումին զառածիլ ու դառնալ պատկանելիութիւն, թոյլ չի տար որ խորհիմ օրուան ու տանջող մարմնին, մարմնաւորուող ու պակսող երկիր, ան որ պիտի այս խաղակայքի տենդենին փաթթէր յիշողութեան, միացնէր երկինք ու երկիր, անոնց միջեւ նետուած կամար, գերազանց սլացք մը՝ որ կը յօրինէ զանոնք, նախքան վերջնական կասումը հողի քարափին»։

    Հատորը կը պարունակէ 60-ի շուրջ կարճ արձակներ, գրուած 1984-ի եւ 2008-ի միջեւ, ոմանք վերաշխատուած աւելի ուշ։ Քառորդ դարու ժամանակահատուածի մը երկայնքին գրուած այս կտորները առաջին ակնարկով՝ «արձակ բանաստեղծութիւն» կոչուած գրական սեռին կը համապատասխանեն, բայց խորքին մէջ՝ ամբողջութեամբ կը վերանորոգեն այդ սեռը։ Յիշատակներ կը պեղեն, քաղաքէ քաղաք կը պտտին, գրողին ընկերակցող տետրակներուն պարունակութիւնը կը հրամցնեն, գրելու արարքին շուրջ կը մտմտան ու կը մտորեն։ Հետեւաբար նաեւ՝ գրողի առօրեայ գործունէութեան ատաղձին, այսինքն՝ լեզուի՛ն, լեզուի էութեա՛ն շուրջ լայնահուն խորհրդածութեան մը կը ձեռնարկեն։ Բանաստեղծական արձակը կը վերածուի փիլիսոփայութեան։ Երկխօսութեան մէջ կը մտնէ հին յունական վարպետներուն հետ։ Կը յայտնաբերէ փիլիսոփայական տեսակէտներու բանաստեղծական եւ բանարուեստական արմատը։

    1/2