զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Զարմանազան
    ամառնային ստեղծարար զուարճալի  ճամբար
    Զարմանազան այն վայրն է, ուր հայերէնը բնականօրէն կը գործածուի արտայայտուելու համար ընկերային, գիտական, գրական, մշակութային եւ այլ նիւթերու

    Զարմանազան այն վայրն է, ուր հայերէնը բնականօրէն կը գործածուի արտայայտուելու համար ընկերային, գիտական, գրական, մշակութային եւ այլ նիւթերու շուրջ։

    2017-էն ի վեր կազմակերպուած Զարմանազանի ամառնային խտացեալ լեզուային ծրագրին ընթացքին, երեք գլխաւոր ուղղութիւններ որդեգրուած են։

    Առաջին՝ ստեղծարար ու զուարճալի յայտագիր մը, 10-էն 17 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն ուղղուած։ Այդտեղ մասնակիցներուն համար լեզուի գործածութիւնը կը դադրի կախեալ ըլլալէ տարիքային բաժանումներէն եւ դասարանային պատերէն եւ կը բացուի բնական պայմաններու մէջ ապրելու եւ միատեղ ստեղծագործելու փորձառութեան մը, որուն հաղորդակցական ենթահողը արեւմտահայերէնն է։

    Երկրորդ՝ 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներուն համար առանձին յայտագիր, եւ ասոր կողքին՝ Զարմանազանի ուղեկիցներուն հետ կրթական պատրաստութիւն վայելելու հնարաւորութիւն։

    Իսկ երրորդ՝ Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին (INALCO) հետ համագործակցութեամբ, Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն համար նախատեսուած վարժընթաց մը։

    Վաւերացուած Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզանքի Նախարարութեան կողմէ, Զարմանազանի ճամբարը կը կազմակերպուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին եւ Լիոնի (Ֆրանսա) «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան միատեղ ջանքերով։

    Զարմանազանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն քաղելու համար, կարելի է այցելել ծրագիրին կայքէջը։

    Զարմանազանը օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։