զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Պատառիկներ -
    Նոյեմբեր

    Մաս կը կազմէ Պատառիկներ շարքին։

    • Անուն
    • Խօսքեր
    • Ձայներիզ
    • Ծուխը
    • Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, մաման ոսպապուր կ՚եփէ... Ոսպապուր եւ... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, մաման թանապուր կ՚եփէ... Ոսպապուր, թանապուր եւ... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, այսօր պապան ինչ կ՚եփէ... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, պապան հարիսա կ՚եփէ... Հարէ, հարէ, Հարիսա... Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ, պապան հարիսա կ՚եփէ...

    Ծուխը

    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ...
    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    մաման ոսպապուր կ՚եփէ...

    Ոսպապուր եւ...

    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ...
    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    մաման թանապուր կ՚եփէ...

    Ոսպապուր, թանապուր եւ...

    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    այսօր պապան ինչ կ՚եփէ...
    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    պապան հարիսա կ՚եփէ...

    Հարէ, հարէ, Հարիսա...

    Ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
    պապան հարիսա կ՚եփէ...

    • Ննջասենեակը
    • Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ հայրիկը աչքերը գոց, վերմակին տակը… – Խռըմ  փը՜շ, խռըմ փը՜շ… Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ… Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ… Մահճակալը, անկողինը, սաւանը, փետուրէ բարձը ե՜ւ… մեծ մայրիկը աչքերը բաց, վերմակին տակը… – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս… Մեծ հայրիկը՝ – Խռըմ փը՜շ, խռըմ փը՜շ… Մեծ մայրիկը՝ – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս…

    Ննջասենեակը

    Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ…
    Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ…
    Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ…

    Մահճակալը, անկողինը,
    սաւանը, փետուրէ բարձը
    ե՜ւ…
    մեծ հայրիկը
    աչքերը գոց,
    վերմակին տակը…

    – Խռըմ  փը՜շ, խռըմ փը՜շ…

    Սենեակ, սենեակ՝ հիւրասենեակ…
    Սենեակ, սենեակ՝ ճաշասենեակ…
    Սենեակ, սենեակ՝ ննջասենեակ, շշշշշշշ…

    Մահճակալը, անկողինը,
    սաւանը, փետուրէ բարձը
    ե՜ւ…
    մեծ մայրիկը
    աչքերը բաց,
    վերմակին տակը…

    – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս…

    Մեծ հայրիկը՝

    – Խռըմ փը՜շ, խռըմ փը՜շ…

    Մեծ մայրիկը՝

    – Կը բաւէ խռկաս, Մարտիրոս…

    • Ուրբաթագիրք
    • Կար ու չկար, տանիքը ծուռ տնակ մը կար… Տանիքը ծուռ տնակին մէջ, խոշոր քիթով վհուկ մը կար… Ամբողջ օրը կը խռկար, իսկ գիշերը՝ կը խենթանար… Վհուկ մըն էր կուզիկ մուզիկ, ունէր կատու մը եւ ագռաւ մը, երկուքն ալ սեւուլիկ… Կատուն խուլ էր, ագռաւը կաղ էր, իսկ վհուկին խոշոր քիթը մազոտ կզակին կը հասնէր… Քիթին ծայրը բշտիկ մը կար, ամեն ուրբաթ կը մեծնար… Խուլ կատուն կը զարմանար՝ միաո՜ւ, կաղ ագռաւն ալ տանիքին վրայ կ՚երթար կու գար, կը կռկռար՝ - Կռա՛ւ, կռա՛ւ, ուռեցաւ… - Կռա՛ւ, կռա՛ւ, ուռեցաւ… Վհուկ մըն էր կուզիկ մուզիկ, քիթին ծայրը ուռած բշտիկ, իսկ ձախ ձեռքին ցախաւել մը՝ կոթը երկա՜ր… Ամեն ուրբաթ՝ կէս գիշերին, կոթը երկար ցախաւելով կը թռէ՜ր… Խուլ կատուն կը զարմանար, միաո՜ւ, կաղ ագռաւն ալ տանիքին վրայ կ՚երթար կու գար, կը կռկռար՝ - Կռա՛ւ, կռա՛ւ… թռա՛ւ, թռա՛ւ… - Կռա՛ւ, կռա՛ւ… թռա՛ւ, թռա՛ւ… Ուրբա՛թ էր, կէս գիշեր, ցախաւելով կը թռէ՜ր, խոշոր քիթով կը հոտոտէր, ուռած բշտիկով փոշոտ տուները կը փնտռէր եւ անշո՛ւշտ կը գտնէր… Տանիքներուն վրայ կը ցատկռտէր ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝ - Աւլեմ թափեմ փոշին, - աւելցնեմ փոշին… Ուշադրութի՜ւն, ամեն ուրբաթ սենեակդ կոկէ,  փոշին մաքրէ,   եթէ ոչ, աւլող թափող, խոշոր քիթով, կուզ վհուկը կէս գիշերին, ձեր տանիքէն խռպոտ ձայնով կը վախցնէ՜… - Աւլեմ թափեմ փոշին, - աւելցնեմ փոշին… Եթէ կ՚ուզես  ամեն ուրբաթ  գլուխդ հանգի՜ստ բարձին դնել, անո՜ւշ անուշ երազել, ուրեմն՝ ձախ ձեռքիդ բթամատը փնտռէ. ո՛չ ցուցամատը, բո՛ւթ մատը. լեզուովդ թրջէ, քիթիդ փակցուր, աջ ձեռքդ բարձրացուր ու խօսք տուր՝ - Կը խոստանամ - կոկի՛կ ըլլալ, - փնթի, թափթփած չըլլա՛լ: Ուրեմն անուշ քուն, ոսկի երազ ամեն ուրբաթ՝ շշշշշշշշ…

    Ուրբաթագիրք

    Կար ու չկար,
    տանիքը ծուռ
    տնակ մը կար…

    Տանիքը ծուռ
    տնակին մէջ,
    խոշոր քիթով
    վհուկ մը կար…
    Ամբողջ օրը
    կը խռկար,
    իսկ գիշերը՝
    կը խենթանար…

    Վհուկ մըն էր
    կուզիկ մուզիկ,
    ունէր կատու մը
    եւ ագռաւ մը,
    երկուքն ալ սեւուլիկ…

    Կատուն խուլ էր,
    ագռաւը կաղ էր,
    իսկ վհուկին խոշոր քիթը
    մազոտ կզակին կը հասնէր…

    Քիթին ծայրը
    բշտիկ մը կար,
    ամեն ուրբաթ
    կը մեծնար…
    Խուլ կատուն
    կը զարմանար՝ միաո՜ւ,
    կաղ ագռաւն ալ
    տանիքին վրայ
    կ՚երթար կու գար,
    կը կռկռար՝

    • Կռա՛ւ, կռա՛ւ, ուռեցաւ…
    • Կռա՛ւ, կռա՛ւ, ուռեցաւ…

    Վհուկ մըն էր
    կուզիկ մուզիկ,
    քիթին ծայրը
    ուռած բշտիկ,
    իսկ ձախ ձեռքին
    ցախաւել մը՝
    կոթը երկա՜ր…

    Ամեն ուրբաթ՝
    կէս գիշերին,
    կոթը երկար
    ցախաւելով կը թռէ՜ր…
    Խուլ կատուն
    կը զարմանար, միաո՜ւ,
    կաղ ագռաւն ալ
    տանիքին վրայ
    կ՚երթար կու գար,
    կը կռկռար՝

    • Կռա՛ւ, կռա՛ւ… թռա՛ւ, թռա՛ւ…
    • Կռա՛ւ, կռա՛ւ… թռա՛ւ, թռա՛ւ…

    Ուրբա՛թ էր,
    կէս գիշեր,
    ցախաւելով կը թռէ՜ր,
    խոշոր քիթով կը հոտոտէր,
    ուռած բշտիկով
    փոշոտ տուները կը փնտռէր
    եւ անշո՛ւշտ կը գտնէր…

    Տանիքներուն վրայ
    կը ցատկռտէր
    ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝

    • Աւլեմ թափեմ փոշին,
    • աւելցնեմ փոշին…

    Ուշադրութի՜ւն,
    ամեն ուրբաթ
    սենեակդ կոկէ, 
    փոշին մաքրէ,  
    եթէ ոչ,
    աւլող թափող,
    խոշոր քիթով,
    կուզ վհուկը
    կէս գիշերին, ձեր տանիքէն
    խռպոտ ձայնով կը վախցնէ՜…

    • Աւլեմ թափեմ փոշին,
    • աւելցնեմ փոշին…

    Եթէ կ՚ուզես 
    ամեն ուրբաթ 
    գլուխդ հանգի՜ստ բարձին դնել,
    անո՜ւշ անուշ երազել,
    ուրեմն՝
    ձախ ձեռքիդ բթամատը փնտռէ.
    ո՛չ ցուցամատը,
    բո՛ւթ մատը.
    լեզուովդ թրջէ,
    քիթիդ փակցուր,
    աջ ձեռքդ բարձրացուր
    ու խօսք տուր՝

    • Կը խոստանամ
    • կոկի՛կ ըլլալ,
    • փնթի, թափթփած չըլլա՛լ:

    Ուրեմն
    անուշ քուն, ոսկի երազ
    ամեն ուրբաթ՝ շշշշշշշշ…

    • Ապուրը
    • Ծուռ տանիքով տնակին առջեւ պարտէզ մը կար… Պարտէզին մէջ ո՛չ ծառ կար, ոչ ալ ծաղիկ, այլ՝ եղինջ, միայն միմիայն փո՛ւշ փո՛ւշ եղինջ… Ամեն ուրբաթ, կէս գիշերէն մէկ ժամ առաջ, ծուռ տանիքին ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէր… ժա՛մն էր, կուզ վհուկը ապո՛ւր կ՚եփէր՝ եղինջի՛ ապուր, կանա՛նչ ապուր… Ցախաւելին երկա՜ր կոթով կանանչ ապուրը կը խառնէր ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝ - Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ… Անանուխ, աւելուկ, նեխուր սամիթ, թրթնջուկ, սպանախ, ճռճռուկ, սինձ գինձ, կնձմնձուկ… - Ապուրը թող եփի՜… Ապուրը կը թափի՜… Եփի, թափի, եփի, թափի… Եփող թափող, խոշոր քիթով, կուզ վհուկը եղինջի ապուր պէտք էր ուտէր, որ թռէ՜ր, ցախաւելով վե՜ր, վե՜ր… Գաղտնի՛ք էր, իսկ այս գաղտնիքը մա՛րդ չէր գիտեր, միայն միմիայն կաղ ագռաւը գիտէր, իսկ խուլ կատուն բան չէր հասկնար, միայն միմիայն կը զարմանար, միաո՛ւ… Քանի որ հիմա եղինջի ապուրին գաղտնիքը գիտես, ուրեմն՝ ամեն ուրբաթ եղինջի ապուր պէտք է ուտես, որ արագ՝ շա՛տ արագ վազես, սակայն փուշ փուշ եղինջը արդեօք ինչպէ՞ս պիտի քաղես… - Ա՛յ, ո՛ւյ, ա՛յ, ո՛ւյ… - Միաո՜ւ… - Կռա՛ւ, կռա՛ւ… կերա՛ւ, կերա՛ւ…

    Ապուրը

    Ծուռ տանիքով
    տնակին առջեւ
    պարտէզ մը կար…
    Պարտէզին մէջ
    ո՛չ ծառ կար,
    ոչ ալ ծաղիկ,
    այլ՝ եղինջ,
    միայն միմիայն
    փո՛ւշ փո՛ւշ եղինջ…

    Ամեն ուրբաթ,
    կէս գիշերէն
    մէկ ժամ առաջ,
    ծուռ տանիքին ծխնելոյզէն
    ծուխ կ՚ելլէր…
    ժա՛մն էր,
    կուզ վհուկը
    ապո՛ւր կ՚եփէր՝
    եղինջի՛ ապուր,
    կանա՛նչ ապուր…

    Ցախաւելին երկա՜ր կոթով
    կանանչ ապուրը կը խառնէր
    ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝

    • Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ…
      Անանուխ, աւելուկ,
      նեխուր սամիթ, թրթնջուկ,
      սպանախ, ճռճռուկ,
      սինձ գինձ, կնձմնձուկ…

    • Ապուրը թող եփի՜…
      Ապուրը կը թափի՜…
      Եփի, թափի, եփի, թափի…

    Եփող թափող,
    խոշոր քիթով,
    կուզ վհուկը
    եղինջի ապուր
    պէտք էր ուտէր,
    որ թռէ՜ր,
    ցախաւելով վե՜ր, վե՜ր…

    Գաղտնի՛ք էր,
    իսկ այս գաղտնիքը
    մա՛րդ չէր գիտեր,
    միայն միմիայն
    կաղ ագռաւը գիտէր,
    իսկ խուլ կատուն
    բան չէր հասկնար,
    միայն միմիայն
    կը զարմանար, միաո՛ւ…

    Քանի որ հիմա
    եղինջի ապուրին
    գաղտնիքը գիտես,
    ուրեմն՝
    ամեն ուրբաթ
    եղինջի ապուր
    պէտք է ուտես,
    որ արագ՝
    շա՛տ արագ վազես,
    սակայն
    փուշ փուշ եղինջը
    արդեօք ինչպէ՞ս
    պիտի քաղես…

    • Ա՛յ, ո՛ւյ, ա՛յ, ո՛ւյ…
    • Միաո՜ւ…
    • Կռա՛ւ, կռա՛ւ… կերա՛ւ, կերա՛ւ…
    • Վհուկը
    • Վհուկ մը կայ կուզիկ մուզիկ, մեր քաղաքէն հեռու մօտիկ… Վհուկ մըն է վախնալիք, մեզի համար խնդալիք… Կանանչ ապուր միշտ կ՚եփէ, խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝ - Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ… Անանուխ, աւելուկ, նեխուր սամիթ, թրթնջուկ, սպանախ, ճռճռուկ, սինձ գինձ, կնձմնձուկ… Ուշադրութիւն եթէ վախնաս, տաք ապուրին մէջ կ՚իյնաս…   - Կռա΄ւ, կռա΄ւ… ո՞վ ինկաւ… ո՞վ ինկաւ… Ցախաւելով միշտ կ՚աւլէ, խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝ - Աւլեմ թափեմ փոշին, աւելցնեմ փոշին… Ուշադրութիւն եթէ վախնաս, քառասուն անգամ կը փռնգտաս… - Հապչի΄… հապչի΄… հապչի΄…

    Վհուկը

    Վհուկ մը կայ կուզիկ մուզիկ,
    մեր քաղաքէն հեռու մօտիկ…
    Վհուկ մըն է վախնալիք,
    մեզի համար խնդալիք…

    Կանանչ ապուր միշտ կ՚եփէ,
    խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝

    • Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ…
      Անանուխ, աւելուկ,
      նեխուր սամիթ, թրթնջուկ,
      սպանախ, ճռճռուկ,
      սինձ գինձ, կնձմնձուկ…

    Ուշադրութիւն եթէ վախնաս,
    տաք ապուրին մէջ կ՚իյնաս…  

    • Կռա΄ւ, կռա΄ւ… ո՞վ ինկաւ… ո՞վ ինկաւ…

    Ցախաւելով միշտ կ՚աւլէ,
    խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝

    • Աւլեմ թափեմ փոշին,
      աւելցնեմ փոշին…

    Ուշադրութիւն եթէ վախնաս,
    քառասուն անգամ կը փռնգտաս…

    • Հապչի΄… հապչի΄… հապչի΄…
    • Ուրուականը
    • Ուուուուո՜ւ… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ճերմակ սաւան… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, արդուկուած, ճերմակ սաւան… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ուռեցաւ, ուռեցաւ, ուրբա՛թ պայթեցաւ… Սի՛րտս փրթաւ, վախնալի՜ք… Վախնալի՞ք թէ խնդալիք… Խնդալի՜ք… Խնդալի՞ք թէ խենթանալիք… Խենթանալի՛ք… Ուուուուո՜ւ… Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն, ճերմակ սաւան…

    Ուրուականը

    Ուուուուո՜ւ…
    Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն,
    ճերմակ սաւան…

    Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն,
    արդուկուած, ճերմակ սաւան…

    Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն,
    ուռեցաւ, ուռեցաւ,
    ուրբա՛թ պայթեցաւ…

    Սի՛րտս փրթաւ,
    վախնալի՜ք…

    Վախնալի՞ք թէ խնդալիք…
    Խնդալի՜ք…

    Խնդալի՞ք թէ խենթանալիք…
    Խենթանալի՛ք…

    Ուուուուո՜ւ…
    Ուրուակա՜ն ուրուակա՜ն,
    ճերմակ սաւան…

    • Ո՞վ
    • Ո՞վ կը վախնայ մուս մութէն… Ես չե՛մ վախնար մուս մութէն… Ո՞վ կը վախնայ որոտումէն… Ես չե՛մ  վախնար որոտումէն… Ո՞վ կը վախնայ ուրուականէն… Ես չե՛մ վախնար ուրուականէն… Ո՞վ կը վախնայ կմախքէն… Ես չե՛մ վախնար կմախքէն… Ո՞վ կը վախնայ գանկէն… Ես չե՛մ վախնար գանկէն… Ո՞վ կը վախնայ ծովահէնէն… Ես չե՛մ  վախնար ծովահէնէն… Ո՞վ կը վախնայ հրէշէն… Ես չե՛մ  վախնար հրէշէն… Ո՞վ կը վախնայ վիշապէն… Ես չե՛մ վախնար վիշապէն… Ո՞վ կը վախնայ վհուկէն… Ես չե՛մ  վախնար վհուկէն… Ո՞վ կը վախնայ մինինիկ, սեւուլիկ սարդիկէն… Մամաաաաաաա՜…

    Ո՞վ

    Ո՞վ կը վախնայ մուս մութէն…
    Ես չե՛մ վախնար մուս մութէն…

    Ո՞վ կը վախնայ որոտումէն…
    Ես չե՛մ  վախնար որոտումէն…

    Ո՞վ կը վախնայ ուրուականէն…
    Ես չե՛մ վախնար ուրուականէն…

    Ո՞վ կը վախնայ կմախքէն…
    Ես չե՛մ վախնար կմախքէն…

    Ո՞վ կը վախնայ գանկէն…
    Ես չե՛մ վախնար գանկէն…

    Ո՞վ կը վախնայ ծովահէնէն…
    Ես չե՛մ  վախնար ծովահէնէն…

    Ո՞վ կը վախնայ հրէշէն…
    Ես չե՛մ  վախնար հրէշէն…

    Ո՞վ կը վախնայ վիշապէն…
    Ես չե՛մ վախնար վիշապէն…

    Ո՞վ կը վախնայ վհուկէն…
    Ես չե՛մ  վախնար վհուկէն…

    Ո՞վ կը վախնայ
    մինինիկ, սեւուլիկ սարդիկէն…

    Մամաաաաաաա՜…

    • Օձախաղ
    • Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն կանանչ օձ, աչքին առանց կոթի ակնոց, որոշեց դառնալ գրոց բրոց... Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն կանանչ օձ, աչքին առանց կոթի ակնոց, սողաց սողաց, մտաւ դպրոց, սսսակայն պոչին ծայրը մնաց փողոց...

    Օձախաղ

    Պարանի պէս
    երկար պոչով
    Պարոն կանանչ օձ,
    աչքին առանց կոթի ակնոց,
    որոշեց դառնալ գրոց բրոց...

    Պարանի պէս
    երկար պոչով
    Պարոն կանանչ օձ,
    աչքին առանց կոթի ակնոց,
    սողաց սողաց,
    մտաւ դպրոց,
    սսսակայն
    պոչին ծայրը
    մնաց փողոց...

    • Օձին շապիկը
    • Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք ունի՞… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք չունի… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Ո՞ւր է պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձին շապիկին օձիքը…

    Օձին շապիկը

    Պարանի պէս
    երկար պոչով
    Պարոն օձը
    շապիկ ունի,
    իսկ շապիկը
    օձիք ունի՞…

    Օձին շապիկը,
    շապիկին օձիքը…
    Օձին շապիկը,
    շապիկին օձիքը…

    Պարանի պէս
    երկար պոչով
    Պարոն օձը
    շապիկ ունի,
    իսկ շապիկը
    օձիք չունի…

    Օձին շապիկը,
    շապիկին օձիքը…
    Օձին շապիկը,
    շապիկին օձիքը…

    Ո՞ւր է
    պարանի պէս
    երկար պոչով
    Պարոն օձին
    շապիկին օձիքը…

    • Երկու սկիւռ
    • Այն ո՞վ  է… Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ, կը ցատկռտէ, կաղին, ընկոյզ կը հաւաքէ… Երկու սկիւռ միասին, աշնան երրորդ հինգշաբթին հաւաքեցին շատ կաղին… Մէկ կաղին, տասը կաղին, մատիկներով համրեցին, հազար կաղին հաշուեցին… Երկու սկիւռ միասին ծակը ծուկը անտառին, կաղինները պահեցին… Հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր, եկաւ ցո՜ւրտ ձմեռ… Երկու սկիւռ միասին ձմեռը ցուրտին ու փուքին, կաղին ուտել ուզեցին… Փնտռեցին, փնտռտեցին, անտառը իրար անցուցին, գտան ոչ մէկ կաղին… Այն ո՞վ է… Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ, կը ցատկռտէ, կաղին, ընկոյզ կը հաւաքէ ու կը պահէ, կը պահէ ու կը մոռնայ, ո՞ւր պահած է, ի՞նչ պահած է՝ փնտռածը արդեօք ի՞նչ է…

    Երկու սկիւռ

    Այն ո՞վ  է…
    Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ,
    կը ցատկռտէ,
    կաղին, ընկոյզ կը հաւաքէ…

    Երկու սկիւռ միասին,
    աշնան երրորդ հինգշաբթին
    հաւաքեցին շատ կաղին…

    Մէկ կաղին,
    տասը կաղին,
    մատիկներով համրեցին,
    հազար կաղին հաշուեցին…

    Երկու սկիւռ միասին
    ծակը ծուկը անտառին,
    կաղինները պահեցին…

    Հոկտեմբեր,
    նոյեմբեր,
    դեկտեմբեր,
    եկաւ ցո՜ւրտ ձմեռ…

    Երկու սկիւռ միասին
    ձմեռը ցուրտին ու փուքին,
    կաղին ուտել ուզեցին…

    Փնտռեցին,
    փնտռտեցին,
    անտառը իրար անցուցին,
    գտան ոչ մէկ կաղին…

    Այն ո՞վ է…
    Ճիւղէ ճիւղ կը ցատկէ,
    կը ցատկռտէ,
    կաղին, ընկոյզ
    կը հաւաքէ ու կը պահէ,
    կը պահէ ու կը մոռնայ,
    ո՞ւր պահած է,
    ի՞նչ պահած է՝
    փնտռածը արդեօք ի՞նչ է…

    • Անձրեւը
    • Անձրեւ է, անձրեւ է, ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը... Հոգս չէ, հոգս չէ, ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը... Մուկը ծակը, ձուկը ծովը, ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը... Մո՞ւկը թէ ձուկը... Ձո՞ւկը թէ մուկը... Մո՞ւկը թէ ձուկը... Ձո՞ւկը թէ մուկը... Հապչի՛...

    Անձրեւը

    Անձրեւ է, անձրեւ է,
    ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը...

    Հոգս չէ, հոգս չէ,
    ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը...

    Մուկը ծակը, ձուկը ծովը,
    ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը...

    Մո՞ւկը թէ ձուկը...
    Ձո՞ւկը թէ մուկը...
    Մո՞ւկը թէ ձուկը...
    Ձո՞ւկը թէ մուկը...

    Հապչի՛...

    • Չափազանցութիւն
    • Աջ գրպանս լե՛փ լեցուն լեպլեպու, ձախ գրպանս պա՛ս պարապ, պարապ սարապ… Երկինքը՝ ամպ զամպ, մո՜ւս մութ, գնա՛ եկուր ծուռ մուռ, սուս փուս, շի՛փ շիտակ, մի՛ս մինակ… Աջ կօշիկս մա՛ս մաքուր, փա՛ս փայլուն, ձախ կօշիկս ա՛փ աղտոտ, ափս աղտոտ… Ափ ծափ, ափ ծափ ծափ, այս բոլորը՝ ափեղ ցփեղ, չափազանցութիւն… չէ՛… չափազանցութիւն… չէ՛… չափազանցութի՛ւն…

    Չափազանցութիւն

    Աջ գրպանս
    լե՛փ լեցուն
    լեպլեպու,
    ձախ գրպանս
    պա՛ս պարապ,
    պարապ սարապ…

    Երկինքը՝
    ամպ զամպ,
    մո՜ւս մութ,
    գնա՛ եկուր
    ծուռ մուռ,
    սուս փուս,
    շի՛փ շիտակ,
    մի՛ս մինակ…

    Աջ կօշիկս
    մա՛ս մաքուր,
    փա՛ս փայլուն,
    ձախ կօշիկս
    ա՛փ աղտոտ,
    ափս աղտոտ…

    Ափ ծափ,
    ափ ծափ ծափ,
    այս բոլորը՝
    ափեղ ցփեղ,
    չափազանցութիւն…
    չէ՛…
    չափազանցութիւն…
    չէ՛…
    չափազանցութի՛ւն…