զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Բարի՛ եկած էք Զնտուկ՝ արեւմտահայերէնով մանկավարժական աղբիւրներու կայքէջը։

    Զնտուկ կայքէջը ճամբայ ելած է արեւմտահայերէն զանազան աղբիւրներ, նիւթեր,

    Զնտուկ կայքէջը ճամբայ ելած է արեւմտահայերէն զանազան աղբիւրներ, նիւթեր, ծրագիրներ եւ գործիքներ համախմբելու եւ տրամադրելի դարձնելու միտումով։ Հիմնուելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ արեւմտահայերէնի զարգացման թափ տալու համար որդեգրուած մանկավարժական հաստատ ու փորձուած մօտեցումներու վրայ, Զնտուկը կ՚ուզէ ստեղծել հայալեզու ամբողջ տիեզերք մը, որ ծառայէ լեզուի ուսուցման եւ իւրացման, բայց մանաւանդ երեխային, պատանիին, ու անկէ անդին՝ երիտասարդ չափահասին ընկերանայ տարիներու ընթացքին, անոնց առջեւ աշխարհ մը բանալով, իր զանազան երեսակներով։

    Զնտուկին նպատակն է, հետեւաբար, բովանդակել երեխաներու եւ երիտասարդներու կեանքին տարբեր հանգրուաններուն համապատասխանող ծրագիրներ։ Այստեղ կան ուսուցիչներուն համար նախատեսուած գրաւոր եւ պատկերաւոր աղբիւրներ իրենց ուղեցոյցներով, կան հայերէն լեզուով մեծնալու, զարգանալու եւ զուարճանալու համար գիրքեր, տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, կիրարկութիւններ, նաեւ՝ գրական թերթեր, բառարաններ, խաղեր, եւ մասամբ նորին։ Ինչպէս ըսինք՝ ամբողջ աշխարհ մը, արեւմտահայերէնով ապրուած համապարփակ տիեզերք մը, որ միաժամանակ՝ հայերէնի ընդմէջէն աշխարհին հետ կապուելու եւ նոր հորիզոններ բանալու միջոց մը հանդիսանայ։

    Այնպէս որ Զնտուկը, առաջին հերթին, կրնայ հետաքրքրել՝ մանկավարժները, ուսուցիչները եւ ծնողները, այսինքն բոլոր անոնք որ հայերէն լեզուին դասաւանդումով մտահոգ են ու նիւթերու կը կարօտին։ Բայց կրնայ նաեւ հետաքրքրել արուեստագէտներն ու ստեղծագործները։ Նոյնպէս՝ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները։ Եւ աւելի ընդհանուր առումով՝ լեզուն սիրողները, չմոռնալով մանկավարժական ժամանակակից մօտեցումներուն հետ ծանօթանալ փափաքողները։

    Զնտուկը կ՚ընդգրկէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ մշակուած ու օժանդակուած ծրագիրներ, սակայն միայն անոնցմով սահմանափակուած չէ։ Զնտուկը ստեղծող խմբակը ճամբայ ելած է մեծնալու, բարգաւաճելու եւ ճոխանալու փափաքով։ Կանոնաւոր հերթականութեամբ նոր նիւթեր պիտի հրամցուին կայքէջին վրայ։ Բայց միշտ անոր մանկավարժական սկզբունքները յարգելով եւ այդ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով է որ պիտի զարգանայ։

    Որո՞նք են այդ սկզբունքները եւ մօտեցումները։

    1. Լեզուն իր ամբողջութեամբ եւ իր զանազանութիւններով ընդգրկել, իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ միասին յառաջացող միջոց, վայր ու եղանակ։
    2. Երեխայակեդրոն, ուսանողակեդրոն տեսանկիւն մը որդեգրել։
    3. Իւրացման դժուարութիւն ունեցող երեխաները եւ ուսանողները նկատի առնել միշտ, իսկ բոլորին կարողութիւնները տարբեր ձեւերով զարգացնող ճամբաներ ստեղծել։
    4. Ինքնուսուցման միջոցներ հայթայթել լեզուն իւրացնելու եւ զարգացնելու ընթացքի մէջ եղող անհատներուն, եւ այնպիսի դիրք մը ստանձնել, որ իրենց ինքնավստահութիւնը զօրացնէ ու գնահատէ։
    5. Երաժշտութիւնը, արուեստը, թատրոնը եւ խաղը քաջալերել, որպէս երեւակայութեան եւ ստեղծագործութեան աղբիւրներ։
    6. Լեզուի գործածութիւնը զարգացնել ուսողական եւ գիտական մարզերէն ներս։
    7. Ուշադիր ըլլալ տարիքային իւրայատկութիւններուն եւ անհատական տարբերութիւններուն։
    8. Մարդկային իրաւունքները յարգել, ներառեալ՝ երեխաներունը։
    9. Մերժել ցեղապաշտ, ազգայնամոլ, բռնակալական, սեռապաշտ, կնատեաց, սեռային ընտրութիւնները չյարգող, խտրականացնող մօտեցումները։
    10. Ստանձնել Սփիւռքի լեզուական զանազանութիւնները յարգող եւ ընդգրկող կեցուածք մը։

    Զնտուկի դռները բաց են այս սկզբունքներուն համապատասխանող յաւելեալ աղբիւրներու։

    Կապուելու համար՝ կրնաք գրել հետեւեալ հասցէին. contact@zndoog.com

    Ուր որ կարելի է, Զնտուկի մէջ տեղադրուած նիւթերը տրամադրուած են ձրիաբար: Իսկ ուր որ կարելի չէ, նշուած են զանոնք ստանալու միջոցները:
    Կը մաղթենք որ Զնտուկը ներշնչիչ ուժ մը հանդիսանայ բոլորիս համար ու անոր բովանդակութիւնը օգտակար ըլլայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։

    Կայքէջ

    Ձեւաւորում՝ Կարին Կէօքճեան, Մօրկան լօ Ֆէրէք Ծրագրաւորում՝ Մարիան Բլանօ 

    Ձեւաւորում՝ Կարին Կէօքճեան, Մօրկան լօ Ֆէրէք
    Ծրագրաւորում՝ Մարիան Բլանօ 
    Տառատեսակ՝ Graphik Armenian - Խաժակ Աբելեան, Spaghetti - Կարին Կէօքճեան եւ Մօրկան լօ Ֆէրէք