մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։

Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի հայկական կեանքը։

  • Ամէն մէկ հատուածի համար ունինք հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ գլուխը բացող էջերը, հատուածը ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթեր»ը, «Վկայութիւններ»ը եւն։ Ասոնք կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։
  • «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։
  • «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն օտար գրականութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ։

Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական ցուցանակներ, եւ եզրաբանական բառարան։

աւելին

Սանդուխ՝

Հայ կեանք եւ գրականութիւն Ա.

Հայ կեանք եւ գրականութիւն Բ.

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Գիտութիւն (2016)

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ