Զնտուկ կայքէջը ճամբայ ելած է արեւմտահայերէն զանազան աղբիւրներ, նիւթեր, ծրագիրներ եւ գործիքներ համախմբելու եւ տրամադրելի դարձնելու միտումով։ Հիմնուելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ արեւմտահայերէնի զարգացման թափ տալու համար որդեգրուած մանկավարժական հաստատ ու փորձուած մօտեցումներու վրայ, Զնտուկը կ՚ուզէ ստեղծել հայալեզու ամբողջ տիեզերք մը, որ ծառայէ լեզուի ուսուցման եւ իւրացման, բայց մանաւանդ երեխային, պատանիին, ու անկէ անդին՝ երիտասարդ չափահասին ընկերանայ տարիներու ընթացքին, անոնց առջեւ աշխարհ մը բանալով, իր զանազան երեսակներով։
Զնտուկին նպատակն է, հետեւաբար, բովանդակել երեխաներու եւ երիտասարդներու կեանքին տարբեր հանգրուաններուն համապատասխանող ծրագիրներ։ Այստեղ կան ուսուցիչներուն համար նախատեսուած գրաւոր եւ պատկերաւոր աղբիւրներ իրենց ուղեցոյցներով, կան հայերէն լեզուով մեծնալու, զարգանալու եւ զուարճանալու համար գիրքեր, տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, կիրարկութիւններ, նաեւ՝ գրական թերթեր, բառարաններ, խաղեր, եւ մասամբ նորին։ Ինչպէս ըսինք՝ ամբողջ աշխարհ մը, արեւմտահայերէնով ապրուած համապարփակ տիեզերք մը, որ միաժամանակ՝ հայերէնի ընդմէջէն աշխարհին հետ կապուելու եւ նոր հորիզոններ բանալու միջոց մը հանդիսանայ։
Այնպէս որ Զնտուկը, առաջին հերթին, կրնայ հետաքրքրել՝ մանկավարժները, ուսուցիչները եւ ծնողները, այսինքն բոլոր անոնք որ հայերէն լեզուին դասաւանդումով մտահոգ են ու նիւթերու կը կարօտին։ Բայց կրնայ նաեւ հետաքրքրել արուեստագէտներն ու ստեղծագործները։ Նոյնպէս՝ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները։ Եւ աւելի ընդհանուր առումով՝ լեզուն սիրողները, չմոռնալով մանկավարժական ժամանակակից մօտեցումներուն հետ ծանօթանալ փափաքողները։
Զնտուկը կ՚ընդգրկէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ մշակուած ու օժանդակուած ծրագիրներ, սակայն միայն անոնցմով սահմանափակուած չէ։ Զնտուկը ստեղծող խմբակը ճամբայ ելած է մեծնալու, բարգաւաճելու եւ ճոխանալու փափաքով։ Կանոնաւոր հերթականութեամբ նոր նիւթեր պիտի հրամցուին կայքէջին վրայ։ Բայց միշտ անոր մանկավարժական սկզբունքները յարգելով եւ այդ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով է որ պիտի զարգանայ։
Որո՞նք են այդ սկզբունքները եւ մօտեցումները։
Զնտուկի դռները բաց են այս սկզբունքներուն համապատասխանող յաւելեալ աղբիւրներու։ Կապուելու համար՝ կրնաք գրել հետեւեալ հասցէին. contact@zndoog.com
Ուր որ կարելի է, Զնտուկի մէջ տեղադրուած նիւթերը տրամադրուած են ձրիաբար: Իսկ ուր որ կարելի չէ, նշուած են զանոնք ստանալու միջոցները:
Կը մաղթենք որ Զնտուկը ներշնչիչ ուժ մը հանդիսանայ բոլորիս համար ու անոր բովանդակութիւնը օգտակար ըլլայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։
Զնտուկի առաջին տարբերակ
Ձեւաւորում – Կարին Կէօքճեան, Մօրկան լօ Ֆէրէք
Ծրագրաւորում – Մարիան Բլանօ
Տառատեսակ
Graphik Armenian – Խաժակ Աբելեան
Spaghetti – Կարին Կէօքճեան եւ Մօրկան լօ Ֆէրէք