մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Փիլիպարտէզ

Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն

«Փիլիպարտէզ»-ը երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր մըն է, որուն նպատակն է՝ իրականութիւն դարձնել երեխաներուն հետ արեւմտահայերէնով փիլիսոփայելու գաղափարը: Այս նպատակով կը պատրաստուին նիւթեր եւ կը տրամադրուին ծրագիրին կայքէջին վրայ։

«Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն»-ը աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կիրարկուի, թէ՛ դպրոցական ծրագիրներու եւ թէ՛ զանազան խմբային աշխատանոցներու ընթացքին, հարցումի մը, խնդիրի մը եւ կամ յղացքի մը օգնութեամբ երեխաներուն մօտ մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու միտումով:

«Փիլիպարտէզ»-ը պատրաստուած է ի մտի ունենալով՝ ընկերային գիտութիւններով, փիլիսոփայութեամբ կամ նման նիւթերով աշխատող մանկավարժները, հայերէնի ուսուցիչները եւ ուղեկիցները, երեխաներու եւ պատանիներու հետ աշխատող հաստատութիւնները, հայերէնով արդիւնաբեր ժամանակ անցընել ուզող ծնողները, եւ զանազան ընկերային կառոյցները, որոնց ծիրէն ներս հայերէն կը խօսուի:

Ճիշդ է, որ այս մեթոտը «Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն» կը կոչուի, բայց աշխարհի երեսին չափահասներէ կազմուած խումբերու կողմէ գործածութիւնն ալ բաւական տարածուած է:

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ծիրանի Անուշ

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք