մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Յառաջ թերթը Եւրոպայի առաջին հայերէն օրաթերթն է, որ լոյս տեսած է 1925-էն մինչեւ 2009։ Տասնամեակներու ժառանգութիւն ամբարած օրաթերթին էջերը կը պարունակեն յատկապէս Ֆրանսայի, բայց նաեւ ամբողջ հայկական սփիւռքի կեանքին վկայութիւնը։ Ինչպէս նաեւ, Յառաջ եւ իր «Միտք եւ Արուեստ» շաբաթական յաւելուածը Եւրոպայի մէջ հայալեզու գրական կեանքին կարեւոր սատարողներէն մէկը եղած են։
2011-էն 2018 տեւած թուայնացումի երկարաժամկէտ աշխատանքէն ետք, այս թանկագին ժառանգութիւնը առցանց եւ հանրութեան հասանելի է անվճար։

Ընդամէնը 22.214 թիւ, 90.000 էջ, թուայնացման աշխատանքը կատարած է Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի մէջ գործող ԱՐԱՄ ընկերակցութիւնը (լման վերտառութեամբ՝ “Հայկական յիշողութեան հետազօտութեան եւ արխիւացումին ի նպաստ աշխատող ընկերակցութիւն)։ Ընկերակցութեան հաւաքածոն նաեւ ունի 7000 հնատիպ գիրք, հազարաւոր պարբերականներ, լուսանկարներ, քարտէսներ, որմազդեր, վաւերաթուղթեր եւ լսողական վկայութիւններ։

Յառաջի ամբողջական հաւաքածոն ԱՐԱՄ ընկերակցութեան նուիրաբերած է թերթին երկարամեայ խմբագիր Արփիկ Միսաքեանը։ Թուայնացման աշխատանքին օժանդակութիւն բերած են Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարութիւնը, Պիւլլիւքեան Հիմնադրամը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Դերաքրիստոսը

Փիլիսոփայական

Սեռականութեան պատմութիւն

Փիլիսոփայական

Մտածենք եւ լուծենք

Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ