մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հայերէնի մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը

ԱՐՓԱ Հիմնարկի ասուլիս

Հայերէնի կրթութեան մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումը խիստ անբաւարար է, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Օրինակ՝ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէն ստեղնաշարի ուսուցման եւ օգտագործման բացակայութիւնը անհասկնալի է, մանաւանդ երբ թուային արագացումը կրթութեան մէջ եւ ամենուրեք կը ներկայանայ որպէս ամենօրեայ հրամայական՝ ամբողջ համացանցի վրայ հայերէն լեզուի գործածութիւնը, համեմատաբար միւս լեզուներուն, միայն 0,03% է։ Նորագոյն գործիքներու թեքնիք հնարաւորութիւնները հայերէնի առցանց ներկայութեան եւ կրթութեան համար օգտագործելը դարձած է անյետաձգելի։ Մասնագէտներու կողմէ պիտի արծարծուի արդի մօտեցումներու եւ յառաջացած միջոցներու անհրաժեշտութիւնը՝ հայերէնի տարածման եւ լայնածաւալ օգտագործման ի նպաստ։ Պիտի ներկայացուին նորագոյն արհեստագիտական ալկորիթմները՝ որ արդէն պատրաստ են եւ գործնականօրէն մատչելի։

Կը մասնակցին՝

Յակոբ Կիւլլիւճեան, Մարատ Եավրումեան, Վարդան Թաշճեան, Անահիտ Տօնապետեան

Կը ղեկավարէ՝

Ռազմիկ Փանոսեան

 

Թուականներ