Քաջալերուելով Զարցանց 2.0-ի փորձառութենէն եւ տակաւին սահմանափակուած ըլլալով համաճարակային պարմաններով, Զարմանազանը այս տարի եւս առցանց էր։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ որոնք սերտօրէն առընչուած են իրարու.
- 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը.
- 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու մասնակցեցան, ի շարս որոնց՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր։
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն եղաւ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։
- Համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն։
Սփիւռքեան խտացեալ ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն աւարտին Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկը (Ինալքօ) կու տայ վկայագիր մը։ Ծրագիրը, զոր վարեցին մասնագէտ դասատուներ, կ՚առաջարկէ թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ՛ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։
Զարմանազանը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին Սփիւռքի երեխաները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները։
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխու- ժացման ծրագիրի մէկ բաժինը։ Ան կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։