Զաւէն Պիպեռեանի վիպագրութեան գլուխ-գործոցն է Մրջիւններու վերջալոյսը, ուր ան հայելի մը կը բռնէ 1940-50-ականներու պոլսահայ իրականութեան դէմ յանդիման, երկրի քաղաքական-տնտեսական կացութեան ընդմէջէն: Վէպին առանցքը կը կազմէ Ու-նե¬ւորութեան տուրքի հետեւանքով հետզհետէ քայքայուող հայ ընտանիք մը՝ ընկճուած հիւանդ հայր մը, նիւթական անկումի պատճառով իրմէ գանգատող դժգոհ կին մը ու աղջիկ մը, որոնց կը միանայ աշխատանքային ճամբարներու մէջ երեքուկէս տարուայ ծանր զինուորական ծառայութենէ վերադարձող մանչ մը ու նոր պայմաններուն մէջ ասոր տուայտանքը։