մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Տեւողութիւն՝ 11:30 վայրկեան

Հրատարակիչ՝ Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարան
Մեկնաբանութիւն՝ Սեպուհ Սիմոնեան
Հրատարակութեան թուական` 2020

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Այս տեսերիզը արեւմտահայերէն տարբերակն է Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարանին կողմէ պատրաստուած «Հոյամողէզներու սրահ»ի առցանց շրջապտոյտին։

Տեսերիզը կ՚անդրադառնայ հոյամողէզներուն վերաբերեալ զանազան նիւթերու։ Կը խօսի մօտ 160 միլիոն տարի տեւողութեան վրայ երկարող այդ ժամանակաշրջանին կարեւոր պատմական դրուագներուն մասին, հասնելով հոյամողէզներու մեծ մասին ոչնչացումին, մեր ժամանակէն 66 միլիոն տարի առաջ։ Տեսերիզը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչպէս թռչունները կը սերին հոյամողէզներէն եւ այսօր իսկ կարելի է տեսակ-տեսակ հոյամողէզներ տեսնել։

Զանազան լեզուներով պատրաստուած տեսերիզին արեւմտահայերէնի մեկնաբանն է հանրայայտ երաժիշտ Սեպուհ Սիմոնեան, որ հաճելի եւ մատչելի լեզուով մը հետաքրքրուողները կը տանի միլիոնաւոր տարիներ առաջուան աշխարհ մը։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Տեւողութիւն՝ 11:30 վայրկեան

Հրատարակիչ՝ Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարան
Մեկնաբանութիւն՝ Սեպուհ Սիմոնեան
Հրատարակութեան թուական` 2020

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Աղուոր բաներ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Վլում