«Մեզի համար պզտիկ ատեննիս հաճոյք էր, մեծ մաման ի՞նչ կը պատրաստէ։ Կը դիտէինք։ Ըսենք արարողութեան ձեւ մըն էր, որովհետեւ ժամանակ կը տրուէր եւ ամէն ինչ կարգին կ՚ըլլար։ Թէեւ չէինք գիտեր բանալ խմորը, կ՚ուզէինք փորձել։ Մեզի առիթն ալ կու տային որ փորձենք եւ բանանք…»
Ինչպէ՞ս կը շարունակուի թահինով հաց պատրաստելու աւանդութիւնը, որ շատ հին ժամանակներէ կու գայ։ Տեսերիզը կը հետախուզէ թահինով հացին պատմութիւնը՝ Լիբանանէն Հոլանտա։ Հիմա, թահինով հացը տարչինո՞վ կ՚ուզէք, թէ առա՛նց տարչինի։
Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։