մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։
Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ աշխարհագրութիւն», «Մշակոյթ եւ գիտու-թիւն», «Արուեստ եւ կրօնք», «Տնտեսական գործունէութիւն», «Քաղաք եւ քաղա-քականութիւն», «Բանիլ եւ խորհիլ»։

Կայքը կարելի է գործածել երկու լեզուներով, հայերէն եւ ֆրանսերէն, ինչ որ կը նշանակէ թէ կարելի է սորվիլ երկու լեզուներէն մէկը, գործածելով միւսը։ Լեզու սորվելէն զատ, բառացանկը գործնական է նաեւ բառապաշար զարգացնելու համար։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Վլում

Բարի եկար Նուրին

Գիտութիւն (2016)