Նայիրի-Ստեղնի միջոցաւ կարելի է որեւէ ծրագիրի մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ուղղագրութիւնը։ Պատգամներ կամ նամակներ գրելու ժամանակ, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ ընելու ատեն, կամ ընդհանրապէս խելախօսի մէջ որեւէ բան գրելու ատեն, կարելի է ստուգել գրուածին ուղղագրութիւնը։ Ծրագիրը իր սրբագրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով շտեմարանի մը վրայ որ աւելի քան 150,000 բառ եւ հինգ միլիոն բառաձեւ կը պարունակէ։
Ներկայիս տարբերակը յատկապէս միտուած է դէպի արեւմտահայերէն, ունենալով արեւմտահայերէնի համապատասխան ստեղնաշար։ Յառաջիկայ տարբերակները պիտի ունենան նաեւ զանազան ստեղնաշարեր ընտրելու հնարաւորութիւնը։
Նայիրի-Ստեղնը կը գործէ iOS համակարգէն ներս եւ կարելի է անվճար ներբեռնել App Store-ին մէջ Nayririboard յաւելուածը գտնելով եւ կամ հետեւեալ յղումով։