-Ողջո՜յն, Ասլան,- լսուեցաւ Ճռճռիկին զիլ ձայնը,-ես պատիւը ունիմ…,- բայց յանկարծ կանգ առաւ։
Ուրեմն խոնարհած ատեն մուկը անդրադարձաւ, որ պոչը չկար, ինչ որ հաւանաբար ազդած էր նաեւ հաւասարակշռութեան վրայ։ Երբ աջ ուսին վրայէն ետեւ նայեցաւ, ու պոչը չտեսաւ, վիզը ամբողջ ուժով ետ դարձուց, մինչեւ ուսերն ալ դարձան, յետոյ ամբողջ մարմինը, եւ անշուշտ բան չկրցաւ տեսնել։ Յետոյ վիզը նորէն դարձուց ու նորէն արդիւնքի չհասաւ։ Միայն երեք անգամ կլոր-կլոր դառնալէ ետք, ան հասկցաւ դաժան իրականութիւնը։
-Ես նեղուած եմ,- Ճռճռիկը ըսաւ Ասլանին,- կերպարանքս լրիւ փոխուած է։ Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ այս այլանդակ տեսքով ձեր դիմաց կանգնելու համար։
-Շատ ալ վայելած է, պճլիկ,- ըսաւ Ասլան։
-Տէր իմ,- ըսաւ մուկը,- ես առանց պոչիս կրնամ ուտել, քնանալ ու թագաւորիս համար մեռնիլ, բայց պոչը մուկի մը փառքն ու պատիւն է։
-Սիրելի ընկեր, երբեմն կը խորհիմ, որ արդեօք շատ չե՞ս մտածեր պատիւիդ մասին,- ըսաւ Ասլան։
-Փառահեղ թագաւորներուն ամենափառահեղը,- ըսաւ Ճռճռիկ,- թոյլ տուէք ձեզի յիշեցնել, որ մենք՝ մուկերս, չափով շատ փոքր ենք, եւ եթէ մեր պատիւը չպահենք, կարգ մը արարածներ (որոնք մէկուն արժէքը հասակով կը չափեն) իրենք իրենց իրաւունք պիտի վերապահեն շատ անհամ կատակներ ընել մեզի հետ։
-Ինչո՞ւ բոլոր ընկերներդ իրենց սուրերը քաշած կանգնած են, կրնա՞մ հասկնալ,- հարց տուաւ Ասլան։
-Յուսանք ձերդ վսեմութիւնը գոհ կը մնայ,- ըսաւ երկրորդ մուկը, որ Ճլվլիկ կը կոչուէր,- մենք բոլորս պատրատ ենք մեր պոչերը կտրել, եթէ մեր ղեկավարը առանց պոչի պիտի մնայ։ Մենք չենք ուզեր ամօթալի կերպով վայելել այն պատիւը, որմէ զրկուած է Փառահեղ Մուկը։
-Ա՜,- ըսաւ Ասլան,- դուք ինծի յաղթեցիք։ Դուք մեծ սիրտ ունիք։
Ուրեմն, ո՛չ թէ յանուն քու պատիւիդ, Ճռճռիկ, այլ յանուն այն սիրոյն, որ կայ քու եւ ժողովուրդիդ միջեւ, աւելին՝ նաեւ այն բարութեան համար, որ ժամանակին ձեր ժողովուրդը ցուցաբերեց ինծի հանդէպ, պոչ մը պիտի ունենաս կրկին։