մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն
հատոր 2՝ մրցակցութիւններ

Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 556
Հրատարակիչ՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտ եւ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական` 2016

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 2

Փիլիսոփայական

Սոյն հատորը կը մէկտեղէ Սփիւռքէն տարածքէն առաջ՝ Աղէտի՛ տարածքին եւ ոլորտին պատկանող չորս վիպագիրներու գործերուն շուրջ ուսումնասիրութիւններ, սկիզբը՝ Զապէլ Եսայենի եւ Գրիգոր Պըլտեանի, ետքը սակայն ստիպողաբար՝ Շահնուրի եւ Որբունիի, որոնք աւելի կանուխէն Մարկ Նշանեանի վերլուծական գրգռութիւնը մօտեցումը արթնցուցած էին։ Վերջաւորութեան զետեղուած երկու ուսումնասիրութիւններ, այս անգամ՝ միայն Զարեհ Որբունիին նուիրուած, կը փորձեն անգամ մը եւս վերապրողի կերպարը վերակառուցել յղացական իմաստով, այսինքն՝ վիպական մտածումէն քաղելով փորձառութենէն անդին գտնուածը ու փոխադրելով զայն վերլուծական լեզուի մը մէջ։ Այդ «փորձառութենէն անդին» գտնուող ոլորտը հրամցնելով, այդ փոխադրութիւնը կարելի (ու անհրաժեշտ) դարձնելով, մրցակցութիւններու դաշտէն դուրս ոստում մը կատարելով, Թեկնածուն կը մնայ Նշանեանի աչքին Ի. դարու հայերէն լեզուով գրուած ամենէն շքեղ վէպերէն մէկը։ Իսկ վերջաւորութեան Որբունիի Ասֆլաթը վէպին նուիրուած նոր աշխատանքի մը ընդմէջէն կու գայ թարգմանութեան եւ թարգմանելիութեան վերաբերեալ անդրադարձ մը, որ կը ցուցաբերէ «օտարութեան մէջ կորսուած լեզու»ով թարգմանելու իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը, նոյն այդ «կորուստ»ին իրողութիւնն ու էութիւնը բացայայտելու նպատակով։

Գիրքը կը հրամցնէ նաեւ լուսանկարներ՝ Ջենովայի Սուրբ Բարթողոմէոս Հայոց Եկեղեցիին մէջ պահուած Յիսուս Քրիստոսի «անձեռակերտ պատկեր»ի շրջանակէն, Արամ Ճիպիլեանի “կորքիական” դիմակներէն, ԺԷ. դարու նկարիչներ՝ Գերչինոյի եւ Նիկոլա Փուսէնի Et in Arcadia ego պաստառներէն, Եւգինէ Եփրեմեանի-Դը Գրէֆի ձեռքէն ելած Զարեհ Որբունիի կիսանդրիէն, եւ վերջապէս Զապէլ Եսայեանի ամուսնոյն՝ Տիգրան Եսայեանի «Ստամբուլի տեսարան» կոչուած պաստառէն։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն
հատոր 2՝ մրցակցութիւններ

Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 556
Հրատարակիչ՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտ եւ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական` 2016

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն
Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ