Գրիգոր Պըլտեանի այս հատորը հայերէն լեզուով տարբերակ մը կը հրամցնէ ֆրանսերէն գրուած եւ լոյս տեսած աւարտաճառի մը, Cinquante ans de littérature arménienne en France. Du même à l’autre (CNRS Editions, Փարիզ, 1995)։ Հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Արփի Թոթոյեանի ձեռամբ, ու վերաշադրուած է հեղինակին կողմէ։ Յիսուն տարուան այդ ժամանակաշրջանը բաժնուած է հինգ հատուածներու («Կազմաւորման տարիներ», «Ստեղծագործ պայթումը», «ԴԷպի ցրուում», «Տեղատուութիւնը» եւ «Վերսկիզբ»)։ Ամէն մէկ շրջանի նուիրուած առաջին գլուխին մէջ հեղինակը կը զբաղի գրական խմբակներով, պարբերականներով, յայտարարութիւններով։ Յետոյ կու գայ երկերու ուսումնասիրութիւնը։ Նկատի առնուած են շատ մը անծանօթ մնացած գործեր։ Երկրորդ մասը (1929էն 1934 երկարող տարիներու արտադրութեան նուիրուած) «գրական համայնք»ի փորձը կ՚ուսումնասիրէ («Մենք»ի խմբակը նկատի առնելով) եւ վերջին գլուխով մը՝ աղէտի թեմային կ՚անդրադառնայ, ինչպէս որ ան գիրի բովէն անցած մեզի կը ներկայանայ։ Այս հայերէն տարբերակին առիթով՝ հեղինակը «Երկլեզու ցանցը» վերնագիրով յառաջաբան մը աւելցուցած է, ուր ֆրանսացի ընթերցողին ուղղուած եւ իմացական աշխարհը որպէս կռուան ունեցող գրուածքի մը ետ՝ դէպի հայերէն թարգմանութեան յարուցած հարցերուն կ՚անդրադառնայ։