մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 596
Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Գիրգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» վիպաշարքին 8րդ միաւորն է այս մէկը։ Հին Ազթեքներու մասնագէտ, տարիներէ ի վեր անոնց նշանագրերը եւ պատկերագրութիւնը վերծանելու գործին լծուած ազգագրագէտ գիտուն մը (որ սակայն նոյն այդ Ազթեքներուն եւ անոնց անհետացած լեզուին ժառանգորդը կը նկատէ ինքզինք) կ՚ուզէ իր ինքնակենսագրութիւնը գրել կամ գրել տալ։ Այդ ընելու համար՝ կը դիմէ պատմասանին, որ լրագրական մարզին հետեւող ուսանող մըն է։ Վերջինս պիտի գրէ ազգագրագէտին կենսագրութիւնը, անշուշտ ո՛չ թէ երրորդ դէմքով եւ վաղակատարով, այլ՝ առաջին դէմքով եւ անցեալ կատարեալով, ինչ որ կը նշանակէ թէ կենսագրութիւնը պիտի ըլլայ իրապէս ինքնակենսագրութիւն։ Առիթ մըն է նաեւ մտորելու Երանելի Կորիւնին վերագրուած ու Վարք Մաշտոցի վերնագրով ծանօթ կենսագրութեան մասին։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 596
Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը

Փիլիսոփայական

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Հրապարակներ

Փորձագրութիւն