Փոքրիկ Նիկոլը ամենէն չարուկ, ամենէն խելացի եւ նոյն ատեն ամենէն զգայուն տղան է։ Դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ արկածներ կ՚ունենայ իր ընկերներուն հետ։ Ընթերցողները պիտի սիրեն փոքրիկ Նիկոլը եւ անոր հետ պիտի անցնեն զուարթ եւ հաճելի ժամանակ։
Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը վեց պատմուածքներ կը ներկայացնէ, որոնք առնուած են Փոքրիկ Նիկոլի «Դպրոցական Վերամուտը» գիրքէն։ Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ «Ֆրանսայի լեզուներ» շարքին, որուն ծիրին մէջ նոյն գիրքը թարգմանուած է Ֆրանսայի սահմաններէն ներս գործածուած բազմաթիւ այլ լեզուներու։ Շարքին նպատակն է ընթերցողներուն առիթ տալ մայրենի լեզուով ծանօթանալու ֆրանսերէն գրուած զանազան գործերու։
Ընթերցուած հատուածներ՝