մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Յասմիկ Շահինեան
Նկարազարդող՝ Տաւիտ Փինթոր
Էջերու քանակ՝ 80
Հրատարակիչ՝ Քոթոթ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Թէ ինչպէս…

Մանկապատանեկան վիպակ

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց պարտէզին մէջ բանակում ընել, պարիկներու պալատի տեսքով տարեդարձի կարկանդակ պատրաստել…։ Բայց երբեմն ամէն ինչ Փաթիլին սպասածին պէս չ՚ընթանար. լա՛ւ որ Անուշը, Արան, Ծովինարը եւ իր ընկերները պատրաստ են իրեն օգնելու։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Յասմիկ Շահինեան
Նկարազարդող՝ Տաւիտ Փինթոր
Էջերու քանակ՝ 80
Հրատարակիչ՝ Քոթոթ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

ՀայՍփէլ

Մերինները

Պատում

Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը

Փիլիսոփայական

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն