մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Միշէլ Ֆուկոյ՝ Սեռականութեան պատմութիւն, հատոր 1
Մարկ Նշանեան՝ Թարգմանութեան բովէն։ Միշէլ Ֆուկոյի սեռային ենթական

Հեղինակ՝ Միշէլ Ֆուկոյ, Մարկ Նշանեան
Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 410
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Սեռականութեան պատմութիւն

Փիլիսոփայական

Հայերէն լեզուով առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Ֆրանսացի յայտնի փիլիսոփայ եւ պատմագէտ Միշէլ Ֆուկոյի «Սեռականութեան պատմութիւն» հանրածանօթ գործին առաջին հատորը (Իմացութեան կամեցողութիւնը, 1976-ին հրատարակուած), Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ «Յաւելուած»-ով մը թարգմանաբար տրուած են նաեւ նոյն տարին կատարուած հարցազրոյց մը Ֆուկոյին հետ, եւ «Սեռականութեան պատմութիւն» շարքին յաջորդ հատորներուն համար նախատեսուած յառաջաբան մը։ Հատորը թարգմանիչին ձեռքով շարադրուած բազմաթիւ ծանօթագրութիւններ կը պարունակէ, որոնք ընթերցողին կը հրամցնեն յաւելեալ բացատրութիւններ։

Գիրքը երկրորդ բաժին մը ունի. «Թարգմանութեան բովէն։ Միշէլ Ֆուկոյի սեռային ենթական» վերնագիրով Մարկ Նշանեանի ծաւալուն վերջաբանը, որուն նպատակն է Միշէլ Ֆուկոյին այս գործը զետեղել իր ժամանակաշրջանին եւ մանաւանդ՝ հեղինակին մտածողական ընթածիրին մէջ։ Հետազօտութեան գիծերէն մէկը փորձել հասկնալ է, թէ ինչպէս Ֆուկոյի նախորդ գործերուն մէջ “ենթակայ”ի քննադատութենէն ու անհետացումէն ետք, ենթակայ կոչուածը հոս հետզհետէ կը վերայայտնուի տարբեր կերպարանքով։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Միշէլ Ֆուկոյ՝ Սեռականութեան պատմութիւն, հատոր 1
Մարկ Նշանեան՝ Թարգմանութեան բովէն։ Միշէլ Ֆուկոյի սեռային ենթական

Հեղինակ՝ Միշէլ Ֆուկոյ, Մարկ Նշանեան
Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 410
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Մետաղէ երազներ

Վէպ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Այն օրը, երբ…

Մանկապատանեկան վիպակ