մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 32
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019

Տարոսիկ

Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր

Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։ Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մը, Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։

Տարոսիկ գիրքը թերթելով եւ խտասալիկը լսելով կը ծանօթանանք ամսուան տօներուն, ծէսերուն, եղանակներուն, պտուղներուն եւ կանաչեղէններուն, կենդանիներուն, սովորութիւններուն, հագուստներուն եւ շատ աւելիին։ Խտասալիկը կը սկսի Սեպտեմբեր ամիսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս, սակայն կարելի է փոխել ամիսներուն շարքը ըստ յարմարութեան։

Տարոսիկը գործածելով, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ կրնան երեխաներուն հետ հետաքրքրական եւ ստեղծագործական ժամանակ անցնել։ Բացի գիրքէն եւ խտասալիկէն, Տարոսիկը ունի նաեւ նուէր մը՝ հազարաշէն երդիք կառուցելու փայտիկներ։ Այսպէսով մշակութային ժառանգութիւնը իր խաղերով ու երգերով մաս կը կազմէ երեխաներուն առօրեայ կեանքին։

Հազարաշէնի փայտիկներուն հետ միասին, գիրքը լաւագոյնս կը գործածուի ձեռքի տակ ունենալով այլ օգնական առարկաներ, որոնք թէ՛ Տարոսիկի փորձառութիւնը ալ աւելի կը շեշտեն, եւ թէ՛ երեխաներուն լեզուական կարողութիւններ ձեռքբերելու ընթացքը կը դարձնեն հաճելի։ Խօսքը պարզ առօրեայ իրերու մասին է՝ գուլպայ, տապակ, կոճակ, պատառաքաղ, եւ այլ առարկաներ, որոնք պատմութիւններուն մէջ զանազան դերեր կը ստանձնեն ու մաս կը կազմեն խաղին։

Թելադրելի է գիրքը տրամադրել երեխաներուն դասարանային գրադարաններուն մէջ, իսկ երգերը առօրեայ դպրոցական կեանքէն ներս։ Տարոսիկը իր հրաշքը կը գործէ երբ երեխաները կ՚իւրացնեն անոր խաղերը, խօսքերը, խաղիկները, երգերը եւ կը յօրինեն իրենց տարբերակները։

Քաջալերելի է նաեւ Տարոսիկին միջ-սերունդային եւ միջ-տարիքային գործածութիւնը։ Այսպէսով ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի սերունդները միացնող, մտերիմ եւ հաճելի փորձառութիւններով զարգացած մշակութային յիշողութիւն մը։

Տարոսիկէն ընտրանի մը կարելի է լսել այստեղ, եւ աւելի վարը կարդալ բոլոր բաժիններուն խօսքերը եւ տեսնել գիրքէն ընտրուած պատկերներ։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 32
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Կապ հաստատել հեղինակին հետ: parev.arev@hotmail.fr

Այլ նիւթեր՝

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք

Կամուրջներ շինենք

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Արաս

Հիփփօ