մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։
20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն է։

Հարկ է նշել, որ թուայնացումը հպահանումով (scan) չէ որ կը կատարուի, այլ բնագիրին ամբողջական գրաշարութեամբ, ինչ որ կարելիութիւն կու ստեղծէ ամբողջ գրադարանին մէջ որոնումներ կատարելու բառի մակարդակով։

Գրադարանին մէջ կան շատ կարեւոր գործեր, ինչպէս՝ Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց»-ին ամբողջականը եւ Զապէլ Եսայեանի բոլոր գործերը։

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը կը գործէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս եւ մասամբ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Այլ նիւթեր՝

Յակոբներ

Վէպ

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ

Աղուոր բաներ