Վլում հարթակ մըն է ելեկտրոնային եւ ձայնային գիրքերու։ Բջիջային հեռաձայնի ծրագիրներու միջոցաւ կարելի է գտնել եւ գնել զանազան հետաքրքրական գիրքեր, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներով։
Վլում կը ներկայանայ որպէս հսկայական թուային գրադարան մը, որ հասանելի է iOS, ե՛ւ Android համակարգերու վրայ։ Հրատարակիչներու կողմէ տրամադրուած հարիւրաւոր գիրքերու թուային տարբերակները Վլում կը ներկայացնէ ընթերցողներուն։
Վլում ստեղծուած է Technolinguistic կազմակերպութեան կողմէ, որ կը միտի ճարտարարուեստի զարգացումները ի գործ դնել հայերէն լեզուի թուային գործածութեան համար։
Վլումի գիրքերը կը պատկանին զանազան տեսակներու՝ յուշեր, բանաստեղծութիւն, թատրոն, պատմական, սիրային, մանկապատանեկան, մասնագիտական եւ աւելին։ Այս բոլորէն կարելի է օգտուիլ դառնալով հարթակին անդամը։
Վլումի գիրքերէն առնուած օրինակներ կարելի է գտնել այստեղ՝
Եւ Երկինքէն Եօթը Խնձոր Ինկաւ – Տարբեր հեղինակներէ արեւմտահայերէն հեքիաթներ