«Գիտութիւն Դ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողութիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղափարներու վրայ։
«Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն եւ հետաքրքրասէրներուն համար, Զնտուկ տեղ կու տայ անոր իր կայքէջին վրայ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արտօնութեամբ։