մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Տեւողութիւն՝ 4:40 վայրկեան
Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
Ձայն՝ Վահան Քերովբեան
Կենսաւորում՝ Մարալ Քերովբեան
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Լուացքը

Մանկական տեսերիզ

Ձեռնախաղ`
երեքէն վեց տարեկաններու համար…։

Մամիկ թոռնիկ,
ա՛փ մը նուշ,
ե՛ւ…
անո՛ւշ թոռնիկ։

Մամիկ թոռնիկ,
պտղո՛ւնց մը աղ,
ե՛ւ…
աղուո՛ր թոռնիկ։

Անուշիկ թոռնիկ,
աղուորիկ թոռնիկ,
ինքը մէկ թիզ,
լեզուն երկա՛ր՝
եօթը թիզ։

Մեր խաղաշխարհը կը սկսի
երեխային աշխարհը չափելու
միջոցներով։

Մէկ մատ է,
քանի՞ թիզ է…։
Հեռու չէ՛,
երկու քայլ է…։

Առօրեայ խաղերու ժամանակ
գործածել
մատները,
ձեռքերը,
ոտքերը,
չափելու, չափչփելու շրջապատը…։

Խաղը միշտ
ափին մէջն է,
քիթին տակ
կամ թեւին տակ.
գրպանին մէջ,
կամ մոռցուած
բարձին տակ…։

Ճկոյթը, ճկոյթը՝
թոռնիկը, թոռնիկը…։
Բթամատը, բթամատը`
մամիկը, մամիկը…։

Մամիկը թոռնիկին (պաչիկ)
թոռնիկը մամիկին (պաչիկ)

Ճկոյթը բթամատին,
բթամատը ճկոյթին…։
Մամիկը թոռնիկին,
թոռնիկը մամիկին…։

Մէկ թիզ, երկու թիզ, երեք թիզ, չորս թիզ, քանի՞ թիզ…
Հինգ թիզ, եօթը թիզ, ութ թիզ, ինը թիզ, տասը թիզ…

Ձեռնախաղը
կամ մատնախաղը շատ դիւրին կը թուի.
իրականութեան մէջ
ոչ այնքան դիւրին…։

Խաղալ բարձրաձայն կրկնելով,
մինչեւ կարենալ մտնել
չափին մէջ…
րիթմին մէջ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Տեւողութիւն՝ 4:40 վայրկեան
Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
Ձայն՝ Վահան Քերովբեան
Կենսաւորում՝ Մարալ Քերովբեան
Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ

Ահա, այսպէ՛ս…

Մանկական պատմուածքներ

Վլում

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն