մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ակուլ տուկուլ – Հաշուերգ

Մանկական խաղ

Հաշուերգները բոլորին համար են,
անտարիք են…։

Հաշուերգները միշտ կը հնչեն.
խաղէն առաջ կամ խաղի ժամանակ,
խաղը սկսողին
կամ աշխատանք մը կատարողին
դժուար ընտրութիւնը
ձգելով բախտին…։

Յաճախ անհեթեթ բառեր են…։
Երեւի ժամանակին ոչ անհեթեթ…։
Բերնէ բերան ճամբորդած,
ծամծմուած,
ծռած մռած
եւ ծիծաղելի բառեր մեզի հասած…։

Պայման չէ իմաստ փնտռել…։
Համն ու հոտը
անհեթեթութեան մէջն է…։

Բու բու բու…։
Ակուլ տուկուլ պիպազ է,
սակալ մակալ տուկազ է…։
Ով դու նահար է…։
Հարիս պապա հարիսա,
հարիս մամա հարիսա…։
Կատուի կոճակ,
մին պլոճակ, ճը՛րթ պը՛րթ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընդառաջում

Արձակներ

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար

Վլում

Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ