մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Սոխ սխտոր ոտնախաղ

Մանկական խաղ

Ոտնախաղ՝
չորսէն ութ տարեկաններու համար…։

Քալել լարախաղացի մը նման,
կօշիկին կրունկը
փակցնելով կօշիկին քիթին
եւ կրկնելով՝

Ես սխտոր եմ, դուն ի՞նչ ես
Սոխ եմ…։
Սոխ սխտոր,
սոխ սխտոր…։

Խաղը պարզ է.
սակայն հաւասարակշռութիւն պահելը
ոչ այնքան դիւրին…։

Կը շահի ան,
որ իր ոտքով կամ կօշիկով
կը փակէ վերջին բացուածքը…։

Կը հոտիս կը հոտիս
Անդին գնա՛ կը հոտիս

Կամ

Դուն կը հոտիս դուն գնա՛
Աչքէս արցունքը կու գայ

Ապա
երեխաները
կրնան գտնել
ուրիշ ընկեր ընկեր բառեր…։

Օրինակ՝
Կօշիկ գուլպայ,
Աման չաման,
Տանձ խնձոր,
Գիրք տետրակ,
Բարձ վերմակ…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն

Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ
Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ

Պէյրութի հայանուն փողոցները