մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Բոյնը

Արագիլը բոյն շիներ է,
մարդ չի գիտեր
ո՛ւր դրեր է…

Արագիլը բոյն շիներ է,
մարդ չի գիտեր
ո՛ւր դրեր է…
Իսկ մայրիկը մտահոգ է…
Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է…
Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է…

Արագիլը բոյն շիներ է,
մարդ չի գիտեր
ո՛ւր դրեր է…

Արագիլը բոյն շիներ է,
մարդ չի գիտեր
ո՛ւր դրեր է…
Հայրիկն ալ մտահոգ է…
Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է…
Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է…

Արագիլը բոյն շիներ է,
մարդ չի գիտեր
ո՛ւր դրեր է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր

Համազգային Է գրադարան

Երդիք

Ալնիս Բալնիս