մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Թաշկինակի խաղ

Մանկական խաղ

Բակի խմբային խաղ՝
չորսէն ութ տարեկաններու համար…։

Միտքը ծուռ է,
Պոչը ծաղիկ,
Աչքը հաւերուն վրայ է։

Աղուէսիկ դարձած երեխան
թաշկինակը ձեռքին,
շրջանակ կազմած ու գետինը նստած
ընկերներուն շուրջը կը դառնայ կրկնելով՝

Աղուէսիկը պիտի գայ…։
Թող գայ, թող գայ…։
Անպիտանը,
Բռնէ բռնէ աղուէսը…
Անպիտանը։

Երբ թաշկինակը
մէկու մը ետեւը կը ձգէ,
ընտրուած երեխան
պէտք է թաշկինակը հաւաքէ
եւ աղուէսիկին ետեւէն վազէ,
մինչ խումբը կը քաջալերէ՝

Բռնէ, բռնէ աղուէսը…։

Ապա
թաշկինակը ձեռքը երեխան,
նոր աղուէսիկ մը դարձած
խաղը կը շարունակէ կանչելով՝

Աղուէսիկը պիտի գայ…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ
Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք

Դերաքրիստոսը

Փիլիսոփայական