մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ապուրը

Ծուռ տանիքով
տնակին առջեւ
պարտէզ մը կար…
Պարտէզին մէջ
ո՛չ ծառ կար,
ոչ ալ ծաղիկ,
այլ՝ եղինջ,
միայն միմիայն
փո՛ւշ փո՛ւշ եղինջ…

Ամեն ուրբաթ,
կէս գիշերէն
մէկ ժամ առաջ,
ծուռ տանիքին ծխնելոյզէն
ծուխ կ՚ելլէր…
ժա՛մն էր,
կուզ վհուկը
ապո՛ւր կ՚եփէր՝
եղինջի՛ ապուր,
կանա՛նչ ապուր…

Ցախաւելին երկա՜ր կոթով
կանանչ ապուրը կը խառնէր
ու խռպոտ ձայնով կը կանչէր՝

– Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ…
Անանուխ, աւելուկ,
նեխուր սամիթ, թրթնջուկ,
սպանախ, ճռճռուկ,
սինձ գինձ, կնձմնձուկ…

Ապուրը թող եփի՜…
Ապուրը կը թափի՜…
Եփի, թափի, եփի, թափի…

Եփող թափող,
խոշոր քիթով,
կուզ վհուկը
եղինջի ապուր
պէտք էր ուտէր,
որ թռէ՜ր,
ցախաւելով վե՜ր, վե՜ր…

Գաղտնի՛ք էր,
իսկ այս գաղտնիքը
մա՛րդ չէր գիտեր,
միայն միմիայն
կաղ ագռաւը գիտէր,
իսկ խուլ կատուն
բան չէր հասկնար,
միայն միմիայն
կը զարմանար, միաո՜ւ…

Քանի որ հիմա
եղինջի ապուրին
գաղտնիքը գիտես,
ուրեմն՝
ամեն ուրբաթ
եղինջի ապուր
պէտք է ուտես,
որ արագ՝
շա՛տ արագ վազես,
սակայն
փուշ փուշ եղինջը
արդեօք ինչպէ՞ս
պիտի քաղես…

– Ա՛յ, ո՛ւյ, ա՛յ, ո՛ւյ…
– Միաո՜ւ…
– Կռա՛ւ, կռա՛ւ… կերա՛ւ, կերա՛ւ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու