մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Երկար թելը

Կը մանէ, կը մանէ,
մեծ մայրիկը կը մանէ,
բուրդ ու բամպակ կը մանէ…

Կը փաթթէ, կը փաթթէ,
մեծ մայրիկը կը փաթթէ,
երկար թելը կը փաթթէ…

Կը հիւսէ, կը հիւսէ,
մեծ մայրիկը կը հիւսէ,
պատմութիւն մը կը հիւսէ…

Կը պատմէ, կը պատմէ,
մեծ մայրիկը կը պատմէ,
պատմութիւնը անվերջ է՝
այս աշխարհը կլոր է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան

Պատմուածքներ

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական