մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Եօթը խեչափառ

Եօթը խեչափառ
բռնեցին շուրջպար
չորս քայլ դէպի աջ…

Խաչ, խուչ, խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

Եօթը խեչափառ
բռնեցին շուրջպար
չորս քայլ դէպի աջ,
չորս քայլ դէպի ձախ…

Խաչ, խուչ. խեչ, պար,
խաչ, խուչ, խեչափառ…

Մենապար՝ չէ, չէ…
Նազպար՝ չէ, չէ…
Բերդպար՝ ինչո՞ւ չէ…
Շուրջպար՝ ի հարկէ…

Եօթը խեչափառ
բռնեցին շուրջպար
չորս քայլ դէպի աջ,
չորս քայլ դէպի ձախ,
ոչ մէկ քայլ դէպի առաջ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայբոտ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Կիրակոսը

Մանկապատանեկան վիպակ
Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ