մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ընտանիքը

Հայրիկ, մայրիկ,
եղբայր, քոյրիկ՝
ընտանիք…

Հայրիկին եղբայրը՝
հօրեղբայր.
հայրիկին քոյրիկը՝
հօրաքոյր…

Մայրիկին եղբայրը՝
մօրեղբայր.
մայրիկին քոյրիկը՝
մօրաքոյր…

Մեծ հայրիկ,
մեծ մայրիկ,
քանի՞ թոռնիկ…
Մեծ հայրիկ,
մեծ մայրիկ,
եօթը թոռնիկ…

Վա՛յ…
Մոռցանք ընտանիքին
շունը կատուն,
կատուն մուկը,
մուկը ձուկը,
կարմիր որդը,
կանանչ գորտը,
թրթուրիկը թիթեռնիկը,
խխունջիկը խլուրդիկը,
հսկայ փիղը, սարդիկը,
նապաստակը, ճուտիկը,
հաւուկը աքլորը,
աղուէսը, գորշ գայլը,
սեւ ագռաւը, սիրամարգը,
արծիւը ծիծեռնակը,
ծառերը ծաղիկները,
մեղուները մրջիւնները,
լեռները ձորերը,
այծերը ոչխարները,
կովերը ցուլերը,
ծովերը ալիքները,
աստղերը լուսինը,
արեւը անձրեւը,
եօթը գոյնով ծիածանը,
կամարը կլորը,
մոլորակը՝ մեր տունը,
տանիքը,
տանիքին տակ՝
ընտանիքը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ

ՀայՍփէլ

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր

Լկրտածը

Վէպ