մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Կաթսային մէջ Բ

Տերեւը՝
որթատունկի տերեւը…
Միջուկը՝
սոխը, ձէթը, բրինձը
եւ ազատքեղը…
Սոխը, ձէթը, բրինձը,
ազատքեղը եւ անանուխը…
Սոխը, ձէթը, բրինձը,
ազատքեղը, անանուխը
եւ համեմը…
Սոխը, ձէթը, բրինձը,
ազատքեղը, անանուխը,
համեմը եւ լեմոնը…

Որթատունկի տերեւը,
մէջը դրի միջուկը՝
սոխը, ձէթը, բրինձը,
ազատքեղը, անանուխը,
համեմը եւ լեմոնը…

Աջէն ձախէն ծալեցի եւ
մատիկ մատիկ փաթթեցի…

Աջէն ձախէն ծալեցի,
մատիկ մատիկ փաթթեցի եւ
կաթսային մէջ
քով քովի շարեցի…

Աջէն ձախէն ծալեցի,
մատիկ մատիկ փաթթեցի,
կաթսային մէջ
քով քովի շարեցի եւ
մաղմաղ կրակով եփեցի…

Աջէն ձախէն ծալեցի,
մատիկ մատիկ փաթթեցի,
կաթսային մէջ
քով քովի շարեցի,
մաղմաղ կրակով եփեցի եւ
դուռ դրացի կանչեցի…

Հրամմեցէ՜ք,
հրամմեցէ՜ք,
հա՛մը տեսէք,
սակայն զգո՜յշ,
ձեր մատներն ալ
հետը չուտէ՜ք…

Տերեւը՝
որթատունկի տերեւը…
Միջուկը՝
սոխը, ձէթը, բրինձը,
ազատքեղը, անանուխը,
համեմը եւ լեմոնը՝
մեծ մայրիկիս սարմաները…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ծիրանի Անուշ

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն