մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Մատիկին փուշը

Երկինքին մէջ
լուսաստղը,
լուսաստղին տակ
ախոռը,
ախոռին մէջ
մսուրը,
մսուրին մէջ
լո՛յս Մանուկը…

Փո՛ւշ մտեր էր
Մանուկին մատիկը,
չէ՞ որ յարդն էր
իր անկողինը…

– Փո՛ւշ մտեր է մանուկին մատիկը,
    փո՛ւշ մտեր է մանուկին մատիկը…

Մէկը միւսին
փսփսացին,
քով քովի թառած,
մսուրը հսկող
ճնճղուկները…

Թը՜ռ թռաւ
ամենէն փոքրիկ ճնճղուկը,
մտաւ մսուրին մէջը,
կտուցով հանեց
Մանուկին մատիկին փուշը…

Մանուկին մատիկէն
կաթիլ մը արիւն
ցայտեց ու նախշեց
փոքրիկ ճնճղուկին լանջը…

Երկինքին մէջ
լուսաստղը,
լուսաստղին տակ
ախոռը,
ախոռին մէջ
մսուրը,
մսուրին մէջ
լո՛յս Մանուկը,
մատիկին վրայ
կարմրալանջը…

Ամեն տարի՝ Ամանորին,
լուսաստղը կը յայտնուի
եղեւինին գագաթին,
իսկ կարմրալանջը՝
ամենէն բարձր ճիւղին…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գիւտ մը նիւթ մը

Գիտական տեսերիզիներու շարք

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ