մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մեծ հայրիկին ակնոցը

Չկայ, չկայ ակնոցը,
մեծ հայրիկին ակնոցը…
Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը
այսօրուան օրաթերթը…

Տաբատին գրպանը՝ չէ,
շապիկին գրպանը՝ չէ, չէ…

Չկայ, չկայ ակնոցը,
մեծ հայրիկին ակնոցը…
Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը
այսօրուան օրաթերթը…

Տաբատին գրպանը՝ չէ,
շապիկին գրպանը՝ չէ,
բաճկոնին գրպանը՝ չէ,
վերարկուին գրպանը՝ չէ, չէ…

Չկայ, չկայ ակնոցը,
մեծ հայրիկին ակնոցը…
Ինչպէ՞ս կարդայ մեծ հայրիկը
այսօրուան օրաթերթը…

Տաբատին գրպանը՝ չէ,
շապիկին գրպանը՝ չէ,
բաճկոնին գրպանը՝ չէ,
վերարկուին գրպանը՝ չէ, վա՛յ…
Մեծ հայրիկին ակնոցը
քիթին վրան է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրականութիւն