մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մեր ամառը

Բարի եկաք՝
ըսաւ ճանճը
Տիկին մժեղին…
Բարի տեսանք՝
ըսաւ մժեղը
Պարոն ճանճին…

Ինչպէ՞ս էք…
Ձեզ տեսանք,
լա՛ւ եղանք,
դո՞ւք ինչպէս էք…
Լա՛ւ ըսենք որ
լա՛ւ ըլլանք…

Պարոն ճանճը,
Տիկին մժեղը
մտերմացան
եւ միասին
մեր վրան
յարձակեցան…

Մէկը գիշերը,
միւսը ցերեկը,
մէկուն քը՛շ քըշ,
միւսին փը՛շտ փըշտ…
Քը՛շ քըշ, փը՛շտ փըշտ,
ահաւասիկ մեր ամառը…

Քը՛շ քըշ, ա՛յ ույ,
փը՛շտ փըշտ, վա՛յ վույ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը

Վէպ
Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական

Արաս

Հրատարակչատուն