մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մեր փեսան

Ելանք գացինք շուկայ,
գնեցինք սոխ սխտոր,
փեսայ մը կ՚ուզենք
անունը Գրիգոր…

Տղայ անունդ Գրիգոր,
բախտաւոր ըլլաս,
տուն տեղ ունենաս,
երջանիկ ըլլաս…

Սոխ սխտոր եւ…

Ելանք գացինք շուկայ,
գնեցինք լոլիկ,
փեսայ մը կ՚ուզենք
անունը Անդրանիկ…

Անդրանիկ, քաջ Անդրանիկ,
բախտաւոր ըլլաս,
տուն տեղ ունենաս,
երջանիկ ըլլաս…

Սոխ սխտոր, լոլիկ եւ…

Ելանք գացինք շուկայ,
գնեցինք պղպեղ,
փեսայ մը կ՚ուզենք
անունը Մուշեղ…

Տղայ անունդ Մուշեղ,
բախտաւոր ըլլաս,
տուն տեղ ունենաս,
երջանիկ ըլլաս…

Սոխ սխտոր, լոլիկ, պղպեղ եւ…

Ելանք գացինք շուկայ,
գնեցինք հազար,
փեսայ մը կ՚ուզենք
անունը Նազար…

Քաջ Նազար, վախկոտ Նազար,
բախտաւոր ըլլաս,
տուն տեղ ունենաս,
երջանիկ ըլլաս…

Սոխ սխտոր, լոլիկ, պղպեղ, հազար եւ…

Ելանք գացինք շուկայ,
գնեցինք լեմոն,
փեսայ մը կ՚ուզենք
անունը լեւոն…

Տղայ անունդ Լեւոն,
բախտաւոր ըլլաս,
տուն տեղ ունենաս,
երջանիկ ըլլաս…

Սոխ սխտոր, լոլիկ, պղպեղ, հազար, լեմոն,
պատրաստեցինք աղցան,
ամբողջը կերաւ մեր փեսան,
անունը՝ Ստեփան…

Ստեփան՝
առանց հարսի մեր փեսան…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Բագին

Գիտութիւն (2016)

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն