Թագաւորը հարցուց թագուհիին,
թագուհին հարցուց իշխանին,
իշխանը հարցուց իշխանուհիին՝
ի՞նչ է անունը այս ճաշին…
Իշխանուհին պատասխանեց իշխանին,
իշխանը պատասխանեց թագուհիին,
թագուհին պատասխանեց թագաւորին՝
պէտք է հարցնել խոհարարին…
Պալատին խոհարարը
խոհանոցէն՝
խաշ է անունը
այս ճաշին…
Խաշը ճաշ է,
ճաշը խաշ է…
Խաշը ճաշ է,
ճաշը խաշ է…
Խաշը ճաշ է,
նախաճաշ է…