մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սառնարանը

Դուռը գոց է,
դուռը բաց է,
գոց է, բաց է,
սառնարանը լե՛փ լեցուն է…

Դուռը գոց է,
դուռը բաց է,
գոց է, բաց է,
սառնարանը լեփ լեցուն է,
իսկ փորիկս պա՛ս պարապ է…

Դուռը բաց է,
դուռը գոց է,
բաց է, գոց է,
սառնարանը պա՛ս պարապ է…

Դուռը բաց է,
դուռը գոց է,
բաց է, գոց է,
սառնարանը պաս պարապ է,
իսկ փորիկս լե՛փ լեցուն է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական
Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ

Տարոսիկ

Եղանակներու եւ տօներու տարեկան ծրագիր

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Ա.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն