Վհուկ մը կայ կուզիկ մուզիկ,
մեր քաղաքէն հեռու մօտիկ…
Վհուկ մըն է վախնալիք,
մեզի համար խնդալիք…
Կանանչ ապուր միշտ կ՚եփէ,
խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝
– Մէկ քիլօ եղինջ, յետոյ ի՞նչ…
Անանուխ, աւելուկ,
նեխուր սամիթ, թրթնջուկ,
սպանախ, ճռճռուկ,
սինձ գինձ, կնձմնձուկ…
Ուշադրութիւն եթէ վախնաս,
տաք ապուրին մէջ կ՚իյնաս…
– Կռա΄ւ, կռա΄ւ… ո՞վ ինկաւ… ո՞վ ինկաւ…
Ցախաւելով միշտ կ՚աւլէ,
խռպոտ ձայնով կը կանչէ՝
– Աւլեմ թափեմ փոշին,
աւելցնեմ փոշին…
Ուշադրութիւն եթէ վախնաս,
քառասուն անգամ կը փռնգտաս…
– Հապչի΄… հապչի΄… հապչի΄…