մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տաք ապուրը

ժամացոյցը երկու սլաք,
թիք թաք,
թիք թիք թաք…

Ոսպապուրը շատ տաք,
փուֆ փուֆ,
շատ շատ տաք,
փուֆ փուֆ փուֆ…

Աթոռակը տախտակ,
ախ ախ,
չոր տախտակ,
վախ վախ վախ…

Վրան նստողը հրեշտակ,
թաթիկները մուշտակ,
մատիկները մանուշակ,
իրեն տուէք հրուշակ…

ժամացոյցը երկու սլաք,
թիք թաք,
թիք թիք թաք…

Թանապուրը շատ տաք,
փուֆ փուֆ,
շատ շատ տաք,
փուֆ փուֆ փուֆ…

Աթոռակը տախտակ,
ախ ախ,
չոր տախտակ,
վախ վախ վախ…

Վրան նստողը հրեշտակ,
թաթիկները մուշտակ,
մատիկները մանուշակ,
իրեն տուէք հրուշակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Անաւարտութիւն

Փորձագրութիւն

Պաթոլա կամ Բատոլա

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Օտարութեան Փորձընկալումը

Փիլիսոփայական