մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Մտածենք եւ լուծենք

Մտածենք եւ լուծենք շարքի դասագիրքերը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն թուաբանութեան աշխարհին զանազան հարստութիւնները։

Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ թուաբանագէտները կը մղեն ինքնուրոյն աշխատանքի, գիտելիքներ կառուցելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոցաւ։

Թուաբանութեան հայերէնով դասաւանդումը մասնաւորապէս քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, եւ որպէսզի երեխաները լեզուն վերացական մակարդակի իւրացնել եւ հարուստ յղացական բառապաշարի մը տիրապետել կարենան։

Մտածենք եւ լուծենք շարքը հրատարակուած է 2015-2016-ի միջեւ, կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած առաջինէն երրորդ դասարաններու համար։ Հրատարակութիւնը պատրաստուած է Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի եւ Լիբանանեան Հաշէթ-Անթուան հրատարակչատան միջեւ գործակցութեամբ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը օժանդակած է «Մտածենք եւ լուծենք» շարքին Ա, Բ եւ Գ հատորները։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Մտածենք եւ լուծենք – Մանկապարտէզ

Մտածենք եւ լուծենք – Ա տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Բ տարի

Մտածենք եւ լուծենք – Գ տարի

Այլ նիւթեր՝

Բառիկ

Զարդիս մատենաշար

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն