մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Գիտութիւն (2016)

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։

Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ գիտնականները կը մղեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը գործածելու, ինչպէս նաեւ իրենց քննական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։

Մասնաւորապէս հայերէնով գիտութեան դասաւանդումը քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, մինչեւ կարենան երեխաները իւրացնել վերացական մակարդակի լեզուն, եւ տիրապետեն յղացքներու հարուստ բառապաշարը։

«Գիտութիւն» շարքը հրատարակուած է 2016-2018-ի միջեւ, կը բաղկանայ երեք գիրքերէ, նախատեսուած առաջինէն երրորդ դասարաններու համար։ Հրատարակութիւնը պատրաստուած է Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի եւ Լիբանանեան Հաշէթ-Անթուան հրատարակչատան միջեւ գործակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Գիտութիւն (2016) Ա. Տարի

Գիտութիւն (2016) Բ. Տարի

Գիտութիւն (2016) Գ. Տարի

Այլ նիւթեր՝

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Մերինները

Պատում

Հայբոտ

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան