— Երկի՛նքը ծակեր է, երկի՛նքը,— ձայն տուաւ ներսէն Վարսենիկ, Տկն. Արմտիքեանին կրտսեր աղջիկը՝ որ երեսունհինգի մօտ կին մըն էր, թուխ ու չոր, համակ ջիղ։ Պատերազմի չորս տարիներուն, ամուսինը գերի մնացեր էր Գերմանիա։ Այդ շրջանին, երկու տղոցը հոգն ու մանաւանդ մինակութիւնը քայքայեր էին իր առողջութիւնը, որ տակաւին կը մնար խախուտ, հակառակ բժշկական լուրջ խնամքներուն ու լեռնագնացութեան…։
Որբունիի «Անձրեւոտ օրեր» հատորը առաջին անգամ լոյս տեսած է Փարիզ, 1958 թուականին։ Յետպատերազմեան տարիներու ֆրանսահայ գաղութէն պատկերներ հաւաքող՝ տասնհինգ պատմուածքներէ բաղկացած ժողովածու մըն է։